202,50 ₺
Etiket Fiyatı: 270,00 ₺
Արա Ակինեան այս անգամ կը պատմէ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքին կեանքին մասին: Փոթորկոտ, վերիվայրումներով լեցուն կենսագրութիւն մը կը ներկայացնէ ընթերցողին Արա Ակինեան, որու միջոցով կարելի է հետեւիլ նաեւ արեւմտահայութեան ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկիզբի պատմական անցքերուն։ Գիրքը ունի երկու մաս՝ բաժնուած քառասունչորս գլուխի: Վէպը 1950-51ին որպէս թերթօն հրատարակուած է «Ժամանակ»ին մէջ՝ Ա. Սօսի ծածկանունով:
1908-ին ծնած է Սամսուն։ 1915-ի տարագրութեան շրջանին իր հայրն ու երկու քոյրերը կորսնցնելէ ետք, մօրը հետ հասած է Հալեպ, ուր երկու տարի մնալէ ետք վերադարձած են Պոլիս։ Կեդրոնական վարժարանէն ետք, 1932-ին աւարտած է Ռոպերթ քոլեճի առեւտուրի բաժինը։ Սկսած է աշխատիլ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Նոյն տարին յաջողած է մուտք գործել Ստանպուլի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը, զոր աւարտած է 1937-ին։ Լրագրութիւնն ու առեւտուրը եղած են իր հիմնական զբաղումները։ «Ժամանակ»ի առընթեր աշխատած է նաեւ «Ճումհուրիյեթ»ի համար։ 1948-ին ամուսնացած է դաշնակահար Վիքթորիա Չըրարեանի հետ։ Քոլեճի տարիներէն սկսեալ իր կապը չէ խզած մարզանքի հետ։ 1946-ին Գրիգոր Միսաքեանի եւ Բարսեղ Կեւրեքեանի հետ հիմնադրած է «Շիշլի» մարզակումբը։ Մեռած է 1976-ին, Պոլիս։