Մեր շէն սեղանէն մամիկներուս խոհանոցէն համեր եւ յուշեր

Թագուհի Թովմասեան

240,00 

Etiket Fiyatı: 320,00 

%25
Սեռ՝Խոհագիրք-յուշագրութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Արփի Թոթոյեան

Բնագրի լեզուն՝

Թրքերէն

Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Ինճի Պաթուկ

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Նոյեմբեր 2018

Էջն ու չափերը՝

152 էջ, 16x24 սմ

ISBN

9786052100363

Բացատրութիւն՝

Թագուհի Թովմասեանի «Մեր շէն սեղանէն» գիրքը կը տարբերի խոհագիրներու ընկալեալ հաւաքածոներէն ու կը վերածուի ճանապարհորդութեան մը՝ դէպի այլեւս «անցեալ» պիտակը կրող օրերը։ Հեղինակը՝ Թագուհի Թովմասեան, ընթերցողին կը փոխանցէ մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներուն մեծ մայրերէն ու ընտանիքի երէցներէն իր սորված աւելի քան երեսուն կերակուրներու, աղանդերներու, աղցաններու, անուշեղէններու ու ըմպելիներու պատրաստման եղանակները՝ անոնց միախառնելով իր յուշերը անձերու կամ վայրերու մասին։

Գիրքը ո՛չ միայն խոհանոցային վարպետութիւն փորձարկելու առիթ մըն է հետաքրքիր խոհարարներուն համար, այլ նաեւ յուշագրական անզուգական հրատարակութիւն մը, որ կը պատմէ Չորլու, Թեքիրտաղ, Սիլիվրի, Չաթալճա եւ շրջակայքը հաստատուած հայութեան մնացորդացին ոդիսականը՝ անոնց գաղթը դէպի Պոլիս կամ ոմանց յամառութիւնը՝ մնալու ծննդավայր հայրենիքին մէջ մինչեւ մահ ու մահէն ալ անդին։ Այլ դրուագ մը կը բացուի Պոլսոյ մէջ. յատկապէս Ետիգուլէ, Սամաթիա, Շիշլի կը ներկայանան իրենց ներկայէն բոլորովին տարբերող դիմագծութեամբ մը։

Ետեւի կողքը՝

Տուներ կան ուր ճաշը ապրելու միջոց է։ Կան տուներ ալ ուր մարդիկ կ՚ապրին ճաշելու համար։ Իսկ մեր տան մէջ ճաշը համովհոտով միասնութեան պահերու պատրուակ էր։ Սեղանը կը դրուէր այս նպատակով, նոյն տրամադրութեամբ ալ կը հաւաքուէր։

Մեր ճաշերուն խոհագիրները գրի առնելու գաղափարը եւս նման մթնոլորտի մը մէջ ծագեցաւ։ Պիտի պատմէի, գրէի գիտցածս, եփածներս, ու բոլորը որպէս ժառանգութիւն պիտի ձգէի զաւակներուս։ Անվարան իւրացուցի այս միտքը։ Նոյնութեամբ գրի պիտի առնէի մեր համով-հոտով ճաշի աշխարհը։ Ու ինչպէս ճաշելէն ու եփելէն, ինչպէս մեր սեղաններուն համէն ու հոտէն, մեծագոյն հաճոյքը զգացի այս բոլորը գրելով։

Գրեցի, ինչպէս միտքս ու սիրտս թելադրեցին. ո՛չ մէկ նախընտրութիւն կատարեցի հարսնիքի ու տօնական մեր սեղաններու անհրաժարելիներէն պարզ աղցաններուն, անուշին ու աղիին, մսեղէնին ու կաթնեղէնին միջեւ։ Գրեցի առանց որոշ դասաւորումի մը մտահոգութեան. այնպէս, ինչպէս եկան անոնք գրիչիս տակ։

Ո՛չ զանազանեցի ձէթով-կարագով ճաշերը, ո՛չ ալ մտածեցի անատոլեան կամ թրակիական խոհանոցի նման խորագիր մը գործածել. պարզապէս փորձեցի մեր սեղանէն պատկերներ փոխանցել։

Չեմ գիտեր թէ ո՛րքանով հայկական, յունական, թրքական, ալպանական, չէրքէզական, փաթրիոթական կամ ցիկաններու ճաշեր են ասոնք։ Գիտեմ սակայն մէկ բան. թէ բոլորն ալ չորլուցի Ագապի եւ Թագուհի մեծ մայրիկներէս սորվածներս են։

Հեղինակին մասին՝

Թագուհի Թովմասեան

Թագուհի եայայիս Ետիգուլէի -Իմրահոր պողոտայ, Կէնչաղա փողոց, թիւ 18- եռայարկ փայտաշէն տան մէջ ծներ եմ, Զատկի մեռելոցին օրը: Նախորդ օրը, ինչպէս միշտ, մեր տունը լեփ-լեցուն է եղեր Զատկի շնորհաւորութեան եկած ազգականներով: Յաջորդ օրը բոլոր անոնք լսեր են թէ Մարին աղջիկ զաւակ մը ունեցաւ, չեն կրցեր հաւատալ իրենց ականջներուն: Լուսաբացէն առաջ ինչպէ՞ս կրնայ ծննդաբերել կին մը որ նախորդ օրը այնքան հիւր մեծարած, եռայարկ տան մէջ անդադար վեր-վար ելած, իջած ու առտուընէ մինչեւ իրիկուն բնաւ չէ նստած: Ազգականներուն նման Մարին ինք ալ զարմացեր է պատահածին. սակայն բոլորովին այլ պատճառով: Կարծես այդ տարիներուն կարելի էր այդ հարցին մէջ որեւէ ապահովութիւն ունենալ, կը կարծէ եղեր թէ մանչ զաւակ մը պիտի ունենայ: Չէ հաւատացեր որ աղջիկ մը ունեցած է: Այսինքն՝ մինչ արդէն մանչ զաւակ մը ունի, երկրորդ մըն ալ ունենալ կը փափաքի եղեր, երբ ես ծներ եմ: Մայրս տխրեր է, սակայն հայրս շատ ուրախացեր: Հայրս որ շատ կը սիրէր մայրը, անոր անունը ապրեցնելու կոչուած աղջիկ զաւկի մը տէր դառնալու ցնծութեամբ, ճիշդ քառասուն տարեկանին երկրորդ ու վերջին անգամ ապրեր է հայրանալու յուզումն ու խանդավառութիւնը: Այսպէս, 14 Ապրիլ 1952-ին Թովմասեան ընտանիքին մաս կազմեր է երկրորդ Թագուհի մը… Բնաւ փողոցը չուան չցատքեցի, լնկու, պահուըտուք, գնդակ չխաղացի, դրացիին սերկեւիլի ծառին վրայ չմագըլ-ցեցայ: Տան գործերը խաղ նկատեցի. ջուրով ու օճառով խաղացի: Շատ կը սիրէի պարտէզը ջրել: Փոքր տարիքէս կրցայ բակլայ, ոլոռն հաւաքել, այգիին մէջ խաղողի ողկոյզները զամբիւղի մէջ խնամքով տեղաւորել: Ո՛վ, ո՛ւր որ ճաշ եփէր, ես անոր քովը կ՚ըլլայի: Տասնմէկ տարեկանիս առաջին անգամ ինքնիրենս կարկանդակ պատրաստեցի: Տասնհինգիս արդէն մեր տան մէջ եփած բոլոր ճաշերուն մէջ դեր մը ունեցած էի: Միայն ձուկ մաքրած չէի: Ատիկա առաջին անգամ ըրի տասնհինգ տարեկանիս, արքայաձուկ մաքրելով: Յետոյ սկսայ մօրս հետ մրցիլ: Գնահատած տանտիկիններէս խոհագիրներ առնելով համարձակեցայ ասպարէզ կարդալ իրեն: Հայրս, Եղիա մեծ մօրեղբայրս, Բարթուղ մօրեղբայրս, Արտաշ ու Գրիգոր քեռայրներս ինծի չափանիշ առի: «Էէ՜ Մարի, կոտոշը ականջը ետին ձգեց», ըսել տուի անոնց: Սակայն բաւական ետքը տեղեկացայ թէ այս ասացուածքը շարունակութիւն մըն ալ ունէր. «եղջիւրը կը կոտրէր, բայց ականջը տեղը կը մնար»...

 

Մի՛ ըսէք թէ այս ի՛նչ տեսակ կենսագրական է. որո՞նք են ուսանած դպրոցներդ, ստացած վկայականներդ, գրած յօդուածներդ, օրաթերթերու թերթօններդ, մասնակցած մրցումներդ, շահած պարգեւներդ, հրատարակուած երկերդ, հրատարակելիներդ....

 

Չունի՛մ, կ՚երդնում, չունիմ: Եթէ ունենայի, չէի՞ գրեր: Դուք այս հատորէն դատելով մի՛ կարծէք թէ գրող եմ: «Գրէ՛» ըսին ինծի, ես ալ գրեցի:

 

Ո՛չ համալսարանի մը վկայականը ունիմ որ տանս պատը զարդարէ, ո՛չ հնագիտական արժէքով գրասեղան մը որ սենեակիս մէկ անկիւնը շքաւորէ, ո՛չ ալ ոտքերուս տակ պտտկող մռլտան կատու մը... Ամբողջ ունեցածս միջակ նիշերով միջնակարգի վկայական մըն է, տրուած՝ Պագըր-գիւղի մեր 160-ամեայ կաղնիէն՝ Տատեան վարժարանէն: Այս գիրքը կարդացէք որպէս յուշերու մատեան մը կամ որպէս խոհանոցի գիրք մը. ինչպէս որ ուզէք: Եթէ պատրաստեցիք այս ճաշերը ու սիրեցիք, նաեւ ախորժեցաք ընտանեկան պատմութիւններէս, երանի՛ ինծի...

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.