Հատորը կ՚ամփոփէ Ներսէս Վանականի՝ Ներսէս արք. Պոզապալեանի հոգեւոր ապրումները: Ան իր եկեղեցական ու վարչային աշխատութիւններուն առընթեր ունէր բանաստեղծական սիրտ եւ միտք. մինչ այդ իր աշխատութիւնները հաւաքուած էին չորս հատորներու մէջ. այս մէկն ալ կու գար միանալու նախորդներուն։ Ներսէս արք. Պոզապալեան եկեղեցական գործունէութեան կողքին, գրականութեամբ ալ կը նպաստէր հայ մշակոյթի հարստացման:
Բուն անունով՝ Ներսէս Պոզապալեան։ Ծնած է 1937-ին, Քըրըքխան։ Հաթայի՝ Թուրքիոյ կցումէն ետք, 1939-ին կը փոխադրուի Պէյրութ։ 1951-55 թթ. կ՚ուսանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը։ 1957-ին ընտանեօք կը գաղթեն Սովետական Հայաստան, ուր կ՚ընդունուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը։ 1961-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ։ 1963-ին կ՚ուղարկուի Անգլիա, ուր հոգեւոր զանազան պաշտօններ կը վարէ մինչեւ 1982-ը։ 1974-ին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծում։ 1982-ին կը վերադառնայ Էջմիածին ու կը կարգուի Մայր Աթոռի դիւանապետ։ Տարբեր ասպարէզներուն վրայ կը ներկայացնէ Հայց. Եկեղեցին։ Եկեղեցական գործունէութեան առընթեր գրական ստեղծագործութիւններ կը հրապարակէ Ներսէս Վանական ծածկանունով։ Բացի 1999-ին «Արաս»էն հրատարակուած «Յոյսի անտես թեւերով» ժողովածոյէն, ունի ինը գիրք եւս, որոնց մէջ ամփոփուած են իր քերթուածները։
Վախճանած է 27 յունիս 2009-ին, մարմինը 30 յունիսին ամփոփուած է Թեղանիքի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ բակը։