202,50 ₺
Etiket Fiyatı: 270,00 ₺
«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն ու ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները։ Եսայեանի անդրանիկ՝ «Սպասման սրահին մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով մը տպելէ ետք, «Արաս» այժմ ալ հատորով մը կը ներկայացնէ «Շնորհքով մարդիկ» ու «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը։
Առաջինը՝ «Շնորհքով մարդիկ»ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագաեան» տպարանէն, որպէս «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւնը։ Վէպը կը պատմէ անցեալին ամիրայական վերնախաւին պատկանող պոլսեցի ընտանիքի մը մութին մնացած պատմութիւնը, անոր գաղտնիքները, կը բացայայտէ ներքին փտածութիւնը։ Ընդմէջ Սկիւտարի ու Բերայի ընթացող պատումը կը հիւսուի Յակոբի ու Զարուհիի շուրջ։ Վէպին գլխաւոր կերպարները մարդիկ չեն միայն, այլ նաեւ Պոլսոյ գեղեցկութիւնները՝ Չամլըճան, Ոսկեղջիւրի ու Վոսփորի տեսարանները։ «Շնորհքով մարդիկ» վէպը տպագրուած է նաեւ Սովետական Հայաստանի մէջ, 1959-ին։
Գիրքին մէջ տեղ գտած միւս վէպը կը կոչուի «Հլուները եւ ըմբոստները», որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորի մը մէջ։ Համիտեան բռնապետութեան շրջանէն պոլսահայ իրականութենէն դրուագ մը պատկերող կիսաւարտ այս վէպը որպէս թերթօն նախ տպագրուած է 1906-ին, Լեւոն Լարենցի խմբագրութեամբ Եգիպտոս հրատարակուող «Ազատ բեմ» հանդէսին մէջ։ Զապէլ Եսայեան գործածած է Շահան ծածկանունը։ Վէպէն ընդարձակ հատուած մը հետագային՝ օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումի օրերուն, լոյս տեսած է նաեւ «Ձայն հայրենեաց»ին մէջ, զոր Լեւոն Լարենց սկսած էր խմբագրել Պոլսոյ մէջ։
Բացի այս վէպերէն, հատորի աւարտին զետեղուած է ֆրանսահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկու վէպեր» խորագրեալ վերջաբանը եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը, ուր ցոյց կը տրուին «Շնորհքով մարդիկ» վէպի պոլսական ու սովետական հրատարակութիւններուն տարբերութիւնները։
Զապէլ Եսայեանի նոր հատորը, որու կողքին գործածուած է Կարապետ Եազմաճեանի մէկ գեղանկարը, հասցէագրուած է դպրոցական բարձր տարիքի պատանիներուն, ինչպէս նաեւ ընթերցող լայն շրջանակներու համար։
Կողքի գեղանկար՝ Կարապետ Եազմաճեան (1868-1929)
«Հրդեհ Պայազըտի մէջ» (www.istanbulsanatevi.com)
Յակոբ Մահտեսեան իր անկիւնին մէջ քաշուած տխրօրէն կը դիտէր բոլոր այդ դէմքերը եւ ինքն ալ մտքէն հաշուեկշիռը կ’ընէր անոնց բարոյական արժէքին. բոլոր այդ շնորհքով մարդիկը որ զիրար ճանչնալով իսկ ներքնապէս, տեսակ մը գաղտնի համաձայնութեամբ զիրար կը յարգէին ամենուն ներկայութեան, իրեն ուղիղ եւ անկեղծ հոգին կը խըրտչեցնէին: Յանկարծ աչքին առաջքը եկաւ Զարուհին, անդին, Սկիւտարի տան մէջ, իր դժբախտութեանը եւ արցունքներուն հետ առանձին, որովհետեւ իր սիրտը տալու համար, այս կարգի շնորհքով մարդ մը չէր ընտրած. զգաց նաեւ թէ ի՛նչպէս այդ ազգականները, իր ծնողքն իսկ, աւելի պիտի ընտրէին կոխոտելով անցնիլ իր սրտին վրայէն քան թէ այդ համաձայնութիւնը վրդովող արարքով խանգարել իրենց ընկերական ներդաշնակութիւնը:
ԶապԷլ Եսայեան, բուն անունով Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878ին Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ս. Խաչ Վարժարանին մէջ: Տասնեօթ տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին: Հոն ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն, փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927ին կ'այցելէ խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ Պրոմէթէոս Ազատագրուած հատորը:
1933ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս, աւանդելով Արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937ին կը դառնայ Ստանիլեան հալածանքներու զոհ, կ'աքսորուի եւ կը մեռնի 1943ին Սիպիրիոյ մէջ:
Ծանօթ Գործերը
Շնորհքով Մարդիկ, Սպասման Սրահին Մէջ, Սկիւտարի Վերջալոյսներ, Կեղծ Հանճարներ, Անձկութեան Ժամեր, Վերջին Բաժակ, Հոգիս Աքսորեալ, Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր, Աւերակներուն Մէջ, Սիլիհտարի Պարտէզները, Կրակէ Շապիկը, Պրոմէթէոս Ազատագրուած, Պարպա Խաչիկ...