71,25 ₺
Etiket Fiyatı: 95,00 ₺
Վարուժան Պարըշ, որ թրքալեզու ընթերցողին ծանօթ է «Suyu Arayan Ateş» հատորով, ուշադրութիւն կը գրաւէ հայ քնարերգութեան հետզհետէ ճահճացող դաշտին վրայ ծլող ծաղիկի մը նման արտադրած իր երկերով։ «Սերմ մը ամպերուն մէջ» իր քերթուածներով ստեղծուած ընտրանի մըն է։ Հատորը, զոր կազմած է գրականագէտ Արթուր Անդրանիկեան (Հայաստան), հեղինակի՝ գոյութենական, մարդ ըլլալու, հոգեկան ելեւէջներու խորութեան վերաբերեալ որոնումներուն քնարական մէկ հանրագումարն է։
Ամպերը կապոյտ լերանց գագաթին
կը պառկին
ինչպէս մեծ քաղաքին շէնքերը
Զահրատէն գաղտուկ մտերմական
հայեացքներով ծովափը երիզող
հովը պահուըտած քուն կ’ըլլայ
հանգիստ կ’ընէ լոկ ագռաւ մը
կը պոռայ
կագ կուգ կագ
Չորս ժամ վերջ
արեւն է կը փայլի
ճառագայթներով մ’սրտագին
Ես ալ կեանքի ծիծաղն
ըլլալ կ’երազեմ
Երազէ երազ կը տարածուի
անքնութիւնս
Աչքերս փուլ կու գան
հիւանդութեան ժպիտներով
Սինոբ Պոյապաթէն գաղթած ընտանիքէ մը սերած է 1950ին՝ Գասթամոնու-Էթյէմէզի Ենիգիւղ գիւղին մէջ, ուր 15 հայ ընտանիքներ կ՚ապրէին։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա 1963ին Ստանպուլ հաստատուելով, յաճախած է Գումգաբուի Պէզճեան Մայր Վարժարանը: Երկրորդական ուսումը առած է Սկիւտարի Սուրբ Խաչ Դպրեվանքի մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1968ին: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Ստանպուլ Համալսարանի Գրականութեան ֆաքիւլթէի Արուեստի պատմութեան ճիւղէն։ Հեղինակած է «Ստանպուլի պարիսպներէն ներս ութը հայկական եկեղեցի» խորագրով աւարտաճառը եւ վկայուած է 1975ին։ Զինուորական ծառայութենէն ետք 1977ին իր ծննդավայրը վերադարձած ու 1980ին ամուսնացած է Սինոբցի հայ ընտանիքի զաւակ Նազլըճանի (ծնեալ Չէլիքէլ) հետ։ Ունեցած են երկու աղջիկներ: 1986ին վերջնականապէս Ստանպուլ հաստատուած եւ աշխատակցած է գրավաճառատան մը մէջ, ուրկէ 2016ին հանգստեան կոչուած է: Թրքերէն քերթուածները ամփոփուած են հատորի մը մէջ. «Suyu Arayan Ateş» (Ջուրը փնտռող կրակը), Ինսանճըլ Հրատարակչատուն, 1999: Հայերէն քերթուածներու առաջին հատորը լոյս տեսած է 2009ին, Երեւանի մէջ, «Լռութեան աչքերը կ՚արիւնին» խորագրով: