243,75 ₺
Etiket Fiyatı: 325,00 ₺
Այս յուշամատեանը կը պատմէ դաշնակահար Վալանթին Մազլումի կեանքն ու գործունէութիւնը, կու տայ իր յուշերն ու գրութիւնները, նուագահանդէսներուն ու աշակերտական ունկնդրութիւններուն արձագանգները, իր մասին գնահատագիրեր, սրտի խօսքեր, ինչպէս նաեւ լուսանկարներ ու յայտագիրի պատճէններ: Նախաբանը գրի առած է Մազլումի առաջին սաներէն Անայիս Անդրէասեան-Եալտըզճեան։ Ան կը նշէ, թէ հաւաքական գործակցութեամբ պատրաստուած հատորը իրականացումն է Վալանթին Մազլումի փափաքին, որ էր կողքի մը տակ հաւաքել իր տարիներու գործունէութեան արդիւնքներն ու արձագանգները։
Վալանթին Մազլումեան ծնած է Պոլիս, Պաքըրգիւղ թաղը, 1913-ին։ Մօրենական կողմէ կը սերէր ԺԹ. դարուն արեւմտահայութեան երեւելի դէմքերէն Յարութիւն ամիրա Կէլկէլեանի գերդաստանէն։ Մօր ջանքերով փոքր տարիքէն սկսեալ կը ստանայ դաշնամուրի կրթութիւն։ 1932-ին մեկնեցաւ Փարիզ, ուր դաշնամուրի կրթութիւն ստացաւ École Normale de Musique-ի մէջ։ Դաշնամուրի, դաշնակութեան, մանկավարժութեան եւ երաժշտական պատմութեան դասեր առած է Galanti-Kastler-էն, Cortot-էն, Lazar Lévy-էն, Dandelot-էն եւ Nadia Boulanger-էն։
1939-ին, երբ Փարիզէն վերադարձին, Կրիկի դաշնամուրի համերգը նուագեց Միւհենտիսեանի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ, որ այդ շրջանի ամենակարեւոր նուագախումբերէն էր։ 1950-էն սկսեալ, կանոնաւոր կերպով, Պոլսոյ ձայնասփիւռէն վարեց դաշնամուրի հաղորդումներ։ Ստանպուլի թեքնիք համալսարանի հեռատեսիլի կայանին համար պատրաստեց դասական երաժշտութեան հաղորդումներ։
1952-ին սկսաւ դաշնամուր ուսուցանել։ Ունեցաւ բազմաթիւ աշակերտներ։ Մինչեւ 1992 թուականը շարունակեց իր այս համեստ ու նուիրեալ աշխատանքը։
Յակոբ Այվազի «Քուլիս» հանդէսին մէջ հրատարակուած գրութիւնները 1993-ին հաւաքեց կողքի մը տակ՝ «Երազի նման» վերնագրով։ Մեռաւ 2000-ին։ Մարմինը ամփոփուած է Պալըքլըի գերեզմանատունը՝ իր քրոջ, գեղանկարիչ, թարգմանիչ Ֆիմի Մազլումեանի (1907-1988) կողքը։