245,00 ₺
Etiket Fiyatı: 350,00 ₺
Ձեռք մը կը շոյէ, կը խաղայ, կ՚ուրախանայ ու կ՚օգնէ։ Յետոյ քիչ մը կը մեծնայ եւ ուրիշ ձեռք մը կը գտնէ։
Հապա քու ձեռքդ ի՞նչ կ՚ընէ։
Թարա Էքմէքճի Յարութիւնեանի առաջին գործը ըլլալով, «Ձեռք մը» գիրքը հրաւէր մըն է փոքրիկներուն՝ բացայայտելու իրենց շուրջի աշխարհը, զգացումներն ու առօրեայ արկածները։ Նկարազարդողն է Թինա Քոբման, որ իր ինքնատիպ ու գունագեղ արուեստով պատրաստած է այս էջերը։
Գիրքը մեղմ է ու սիրով լեցուն, կը պատմէ խաղի, փնտռտուքի ու իրարու օգնելու մասին եւ պատրաստ է ջերմացնելու ձեր փոքրիկներուն ձեռքերն ու սրտերը:
Ձեռք մը շատ բաներ կրնայ ընել, քու ձեռքդ ի՞նչ կ՚ընէ։
Թարա Էքմէքճի Յարութիւնեան ծնած եւ մեծցած է Լոս Անճըլըս քաղաքին մէջ։ Բարձր ուսումը ստացած է Անգլերէն գրականութեան մէջ եւ շարունակելով Կրթութեան մասնագիտութեան մէջ, Մագիստրոս աստիճանի արժանացած է։ Աւելի քան տասը տարի ան դասաւանդած եւ աշխատած է դպրոցներու մէջ՝ երեխաներու հետ։
Իր երկու զաւակներուն աճող ձեռքերէն եւ անսահման երեւակայութենէն ներշնչուելով՝ գրած է Ձեռք մը գիրքը։ Իր լոյս տեսած այս առաջին գիրքով, ան կը կ՚անդրադառնայ այն բազմազան ձեւերուն, որոնցմով երեխաները կը սորվին եւ կ՚ապրին։ Թարան կը հաւատայ, որ իւրաքանչիւր երեխայ արժանի է ապրելու աշխարհի մը մէջ, ուր չափահասները կը հաւատան իրենց, կը քաջալերեն զանոնք եւ ուժ կու տան անոնց փոքրիկ ձեռքերուն ։