Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան

Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան
Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան

Դուստրն է անուանի վիպագիր, քննադատ, մանկավարժ Յակոբ Օշականի։ Ծնած է 1919-ին Փլովտիւ, ուր ապաստանած էր հայրը իր տարագրութեան շրջանին։ 1924-ին ընտանեօք փոխադրուած են Գահիրէ, Եգիպտոս։ 1926-ին Կիպրոս, 1934-ին ալ Երուսաղէմ էր Անահիտ Օշական՝ Ս. Յակոբեանց վանքի եւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ հօրը ստանձնած ուսուցչական պաշտօններու բերմամբ։ Իր կրթութիւնը ամբողջացուցած է Երուսաղէմի Ամերիկեան քոլեճին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով մեկնած է Փարիզ։ 1943-ին իր կեանքը միացուցած է Տիրան Ոսկերիչեանի հետ, որ հետագային պիտի դառնար Միջին Արեւելքի նշանաւոր ճարտարապետներէն մէկը։ Ունեցան երկու զաւակ։ ՕշականՈսկերիչեան որպէս մանկավարժ պաշտօնավարած է Երուսաղէմի մէջ։ Իսրայէլապաղեստինեան հակամարտութեան շրջանին Ոսկերիչեան ամոլը հաստատուեցաւ Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամման, ուր տիկին Անահիտ վերստին սկսաւ աշխատիլ որպէս մանկավարժ։ Հանգստեան կոչուելէ յետոյ ալ չխզեց իր կապը կրթութեան ոլորտին հետ, մշակեց նոր ծրագիրներ։ «Արաս» ՕշականՈսկերիչեանէ հրատարակած է մանկական երեք գիրք։ Ան իր մահկանացուն կնքած է 2005-ին, Ամմանի մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.