Անել

Անել
Անել

Բուն անունով Կարօ Կարապետեան։ 1922-ին ծնած է Երուսաղէմ։ 1951-ին Պէյրութի մէջ աւարտած է ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինը։ 1951-1955 թթ. որպէս ներքին հիւանդութեանց մասնագէտ պաշտօնավարած է Երուսաղէմի մէջ, ՄԱԿի հովանիին տակ գործող հիւանդանոցէ մը ներս։ 1955-ին մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, ուր աւարտած է Հարվըրթի համալսարանթ, որպէս սրտաբան։ Մինչեւ 1987-ը որպէս դասախօս պաշտօնավարեց յիշեալ համալսարանին մէջ եւ հանգստեան կոչուեցաւ։ Բժշկական ասպարէզի առընթեր, հետաքրքրուեցաւ նաեւ գրականութեամբ։ Անել ծածկանունով հրատարակեց բանաստեղծական հինգ հատոր։ 2002-ին «Արաս» իր գործերէն հրատարակեց ընտրանի մը՝ «Ի լրումն ժամանակի» խորագրով։ 1998-ին անդամ ընտրուեցաւ Հայաստանի գրողներու միութեան, պատուուեցաւ զանազան շքանշաններով։ 2001-ին իր մահկանացուն կնքեց Փարիզի մէջ։ Թաղուած է Երուսաղէմ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.