Արա Գօչունեան

Արա Գօչունեան
Արա Գօչունեան

1913-ին ծնած է Կետիկփաշա, որպէս զաւակը 1908-ին հիմնադրուած «Ժամանակ» օրաթարթի հիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանի։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէզճեան մայր վարժարանէն։ 1930-ին անցած է Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանը՝ ստանալու իր միջնակարգի ուսումը, սակայն իրենց հօր մահուան հետեւանքով օրաթերթի պատասխանատուութիւնը ստանձնած եղբօր՝ Մելիքի առողջական հարցերուն, միւս եղբօր՝ Մարտիրոսի Եւրոպա գտնուելուն համար կրթութիւնը կիսատ թողլով կը սկսի աշխատիլ թերթին մէջ։ «Ժամանակ»ին կը ծառայէ որպէս վարչական, գրաշար, խմբագիր, 1975-էն ետք ալ որպէս ընդհանուր տնօրէն։ Յօդուածներ կը ստորագրէ «Ողջոյն ամենքին» ընդհանուր խորագրին տակ։ Իր այս յօդուածներէն ընտրանի մը հրատարակուեցաւ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ, 2008-ին։

1936-ին վեց ամիս տեւողութեամբ «Ահալի», 1940-ականներուն Աւետիս Ալիքսանեանի հետ «Պատկեր», 1960-ականներուն ալ կնոջը՝ Լիլի Գօչին հետ «Արշաւ» թերթերը հրատարակեց։

Արա Գօչունեան առաջին անդամներէն մէկն էր Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութեան, ունէր Մամլոյ պատուոյ քարտ։ Զազանան առիթներով արժանացած է ընկերակցութեան գնահատագրերուն ու մրցանակներուն։ Մեռած է 3 դեկտ. 1996-ին, թաղուած՝ Պալըքլըի գերեզմանատունը։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.