Զահրատ

Զահրատ
Զահրատ

ԶԱՀՐԱՏ բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան, 10 Մայիս 1924-ին ծնած է Պոլիս, Նշանթաշը թաղը։ Հօրմէն որբացած է երեք տարեկան հասակին։ 1942-ին աւարտած է Փանկալթըի Մխիթարեան վարժարանը։ Երեք տարի ուսանելէ ետք կիսաւարտ թողած է Ստանպուլի համալսարանի բժշկութեան ֆաքիւլթէն։ Սկսած է զբաղիլ առեւտուրով։ Առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է 1943-ին, «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Առաջին գիրքը՝ «Մեծ քաղաքը», հրատարակուած է 1960-ին։ Յաջորդ գիրքերն են «Գունաւոր սահմաններ» (1968), «Բարի երկինք» (1971), «Կանանչ հող» (1976), «Մէկ քարով երկու գարուն» (1989), «Մաղ մը ջուր» (1995), «Ծայրը ծայրին» (2001), «Ջուրը պատէն վեր» (2004)։ Իր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու։ Երգիծանկարիչ Օհան (Յովհաննէս Շաշքալ) Զահրատի կարգ մը բանաստեղծութիւնները թարգմանած է թրքերէնի՝ Yağ Damlası («Իյի Շէյլեր» հրատարակչութիւն, 1993, 2000), Yapracığı Gören Balık («Պելկէ» հրատարակչութիւն, 2002), Işığını Söndürme Sakın, («Ատամ» հրատարակչութիւն, 2004), Ferah Tut Yüreğini («Արաս» հրատարակչութիւն, 2015), Kediler («Արաս» հրատարակչութիւն, 2017), Bambaşka Bir Bahar («Արաս» հրատարակչութիւն, 2020)։ Զահրատ մահացաւ 21 փետրուար 2007-ին։ Զահրատ մահացաւ 21 փետրուար 2007-ին։ Թաղուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.