Զապէլ Եսայեան

Զապէլ Եսայեան
Զապէլ Եսայեան

ԶապԷլ Եսայեան, բուն անունով Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878ին Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի Ս. Խաչ Վարժարանին մէջ: Տասնեօթ տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած Սորպոնի գրականութեան դասընթացքին: Հոն ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանի հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն, փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927ին կ’այցելէ խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ Պրոմէթէոս Ազատագրուած հատորը:

1933ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը դառնայ պետական համալսարանի դասախօս, աւանդելով Արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937ին կը դառնայ Ստանիլեան հալածանքներու զոհ, կ’աքսորուի եւ կը մեռնի 1943ին Սիպիրիոյ մէջ:


Ծանօթ Գործերը

Շնորհքով Մարդիկ, Սպասման Սրահին Մէջ, Սկիւտարի Վերջալոյսներ, Կեղծ Հանճարներ, Անձկութեան Ժամեր, Վերջին Բաժակ, Հոգիս Աքսորեալ, Երբ Այլեւս Չեն Սիրեր, Աւերակներուն Մէջ, Սիլիհտարի Պարտէզները, Կրակէ Շապիկը, Պրոմէթէոս Ազատագրուած, Պարպա Խաչիկ…

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.