Ծնած է 1919-ին, Պաղտատ։ Իր կրթութիւնը ստացած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց վանքին մէջ։ 1939-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն քահանայ։ Մինչեւ 1944-ը տարբեր պաշտօննե վարած է վանքէն ներս։ 1946-ին ուղարկուած է ԱՄՆ, ուր պաշտօնավարած է զանազան նահանգներու մէջ։ Ապա նշանակուած է Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ. պաշտօն մը, զոր վարած է մինչեւ 1960։ 1962-ին ստացած է եպիսկոպոսական օծում, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ։ Ապա նշանակուած է Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ։ Պաշտօններ վարած է միջեկեղեցական կառոյցներէ ներս։ Պատուուած է շքանշաններով։ 1990-ին ընտրուած է Երուսաղէմի պատրիարք։ Վախճանած է 2012-ին։