Ծնած է Տիգրանակերտի Խանչէբէք (Կեավուր թաղ) թաղին մէջ, 23 դեկտեմբեր 1938-ին։ Նախնական ուսումը տեղւոյն Սիւլէյման Նազիֆ և Զիյա Կէօքալփ պետական վարժարաններուն մէջ ստանալէ ետք, եկած է Ստանպուլ, ուր ուսանած է Պէզճեան, իսկ ապա Կեդրոնական վարժարաններու մէջ: Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Ստանպուլի համալսարանի փիլիսոփայութեան ճիւղէն։ Գարակէօզեան որբանոցին մէջ հսկիչ-ուսուցիչ եղած շրջանին, բանաստեղծ ընկերոջ՝ Վարդերես Գարակէօզեանի հետ եօթը թիւ հրատարակած է թօ ամսաթերթը։ 1966-1972 թթ. վարած է Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի տնօրէնութիւնը և դասաւանդած է հայերէն, փիլիսափայութիւն: Յետոյ ասպարէզը թողած ու զբաղած է առեւտուրով՝ չդադրեցնելով սակայն գրական աշխատանքները: Հայերէն ու թրքերէն յօդուածներով ու գեղարուեստական գործերով կ՚աշխատակցի Թուրքիոյ մամուլին։ «Մարմարա» օրաթերթի մէջ հրատարակուած պատմուածքներուն մէկ մասը հրատարակուած է «Մեր այդ կողմերը» խորագրով, իբրեւ հեղինակի առաջին գիրքը (1984), զոր 1994-ին «Արաս» դարձեալ հրատարակած է: Այս գիրքը արժանացած է Փարիզի «Էլիզ Գավուքճեան» գրական մրցանակին (1988):
1993-ին բարեկամ ու աշակերտներու՝ Եդուարդ-Փայլինէ Թովմասեան ամոլի, Հրանդ Տինքի եւ եղբօր՝ Արտաշէս Մարկոսեանի հետ հիմնեց «Արաս» հրատարակչութիւնը: «Մեր այդ կողմերը» գիրքի թրքերէն հրատարակութիւնը նախ կատարուեցաւ «Կեավուր մահալլէսի» անունով, «Պէպէքուս» հրատարակչատունէն (1992), յետոյ «Արաս»էն: Աւելի վերջ հրատարակեց «Սէօյլէ Մարկոս Նէրէլիսէն» (1995), «Պիլէթիմիզ Իսթանպուլա Քէսիլտի» (1998) հատորները: 1999-ին լոյս տեսաւ երկրորդ հայերէն գիրքը՝ «Տիգրիսի ափերէն»ը։ «Կեավուր մահալլէսի» թրքերէնէ թարգմանուեցաւ քրտերէնի՝ «Լը պա մէ, լը վան տերան» (Մեր այդ կողմերը) վերնագրով, «Ավեստա» հրատարակչատան կողմէ (1999): 2018-ին «Արաս» այս գիրքը դարձեալ հրատարակեց Taxa Fılla (Թախա Ֆըլլա) անունով: Թրքերէն գրի առած «Թէսպիհ Թանէլէրի» («Համրիչի հատիկներ») վէպը ստեղծեց մեծ հետաքրքրութիւն (2006):
«Կեավուր մահալլէսի»ն 2011-ին ամփոփուեցաւ թրքերէն, հայերէն եւ քրտերէն եռալեզու հատորի մը մէջ: 2016-ին վերջին գիրքը հրատարակուեցաւ «Թանրընըն Սէյիր Տէֆթէրի» («Աստուծոյ նաւատոմարը») անունով: «Կեավուր մահալլէսի» 2017-ին Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի եւ «Արաս»ի գործակցութեամբ անգլերէն ալ հրատարակուեցաւ:
Հեղինակի 80-ամեակին առթիւ բոլոր գործերը ի մի հաւաքուեցան գիրքի մը մէջ՝ «Ֆըլլանամէ» խորագրով 2018-ին:
Նոյն տարին Եուսուֆ Քենան Պէյսիւլէն վաւերագրեց Մկրտիչ Մարկոսեանի կեանքը պատրաստելով DVD սկաւառակ մը:
Տարիներ շարունակ զանազան թերթերու մէջ գրի առած յօդուածները հրատարակուեցան առանձին գիրքերով: «Էվրէնսէլ»ի գրութիւնները «Քիրվէմէ մէքթուպլար» խորագիրով նախ 2006-ին Տիգրանակերտի մէջ հրատարակուեցաւ «Լիս» հրատարակչատան, իսկ յետոյ 2011-ին «Արաս»ի կողմէ: 1996-1999 տարիներու միջեւ «Ակօս» շաբաթաթերթի մէջ երեւցած յօդուածներէն ընտրանի մը՝ «Զուրնա» անունով, լոյս տեսաւ 2009-ին: Դարձեալ «Էվրէնսէլ»ի գրութիւնները «Պէլկէ» հրատարկչատան կողմէ հրատարակուեցան «Չէնկէլլի իյնէ» անունով, 1999-ին: Յետոյ «Արաս»ի կողմէ, 2010-ին:
«Ենի Եիւզյըլ» եւ «Ենի Կինտէմ»ի յօդուածները 2010-ին հրատարակուեցան «Քիւրտան» անունով: Քրտական հարցին առնչուած գրութիւնները հաւաքուեցան «Մէմլէքէթ մեսելեսի» վերնագիրով, 2019-ին: 2022-ին Մարսէյլի Editions Parantheses հրատարակչատունը ֆրանսերէնով հրատարակեց հեղինակի պատմուածքները՝ Sur les du Tigre վերնագրով:
Թուրքիոյ մէջ, Յակոբ Մնձուրիէն ետք, հայալեզու գաւառական գրականութեան վերջին ներկայացուցիչն էր Մարկոսեան, որու մահը վերջ դրաւ նաեւ գրական այս ուղղութեան: Մարկոսեան մահացաւ 7 ապրիլ 2022-ին ու թացուեցաւ Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մտաւորականաց թաղը: