Բուն անունով՝ Ներսէս Պոզապալեան։ Ծնած է 1937-ին, Քըրըքխան։ Հաթայի՝ Թուրքիոյ կցումէն ետք, 1939-ին կը փոխադրուի Պէյրութ։ 1951-55 թթ. կ՚ուսանի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի դպրեվանքը։ 1957-ին ընտանեօք կը գաղթեն Սովետական Հայաստան, ուր կ՚ընդունուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի հոգեւոր ճեմարանը։ 1961-ին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ։ 1963-ին կ՚ուղարկուի Անգլիա, ուր հոգեւոր զանազան պաշտօններ կը վարէ մինչեւ 1982-ը։ 1974-ին կը ստանայ եպիսկոպոսական օծում։ 1982-ին կը վերադառնայ Էջմիածին ու կը կարգուի Մայր Աթոռի դիւանապետ։ Տարբեր ասպարէզներուն վրայ կը ներկայացնէ Հայց. Եկեղեցին։ Եկեղեցական գործունէութեան առընթեր գրական ստեղծագործութիւններ կը հրապարակէ Ներսէս Վանական ծածկանունով։ Բացի 1999-ին «Արաս»էն հրատարակուած «Յոյսի անտես թեւերով» ժողովածոյէն, ունի ինը գիրք եւս, որոնց մէջ ամփոփուած են իր քերթուածները։
Վախճանած է 27 յունիս 2009-ին, մարմինը 30 յունիսին ամփոփուած է Թեղանիքի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ բակը։