Աւստրալիացի գրող ու գծագրող Պեն Սանտերս, որ նկարազարդումներ կատարելով սկսած է իր ապրուստը ապահովել 12 տարեկանին, իր կենսագրութեան մէկ շրջանը անցուցած է Անտեան լեռներուն վրայ, եւ աշխատելով Biblio Works-ի համար, որ կ՚օժանդակէր փողոցաշրջիկ տղոց եւ գրադարաններ կը հիմնէր հեռաւոր վայրերու մէջ։ Սանտերս հիմա կ՚աշխատի Վիքթորիա նահանգի Պալլարաթ քաղաքի իր սթիւտիոյին մէջ, նկարազարդումներ կատարելով Apple, Wall Street Journal եւ Harrods Of London-ի համար։