1893-ին ծնած է Ատաբազար, ուր ալ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը։ 1915-ին տարագրուած է Հալեպ, ուր եղած է կայարանի պաշտօնեայ։ 1922-ին հաստատուեցաւ Պոլիս, ուր զանազան դպրոցներու մէջ երկար տարիներ պաշտօնավարեց որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն։ 1983-ին հրատարակուեցաւ իր «Դպրոցը իր հոգիով» գիրքը, 1985-ին ալ՝ իր կողմէ պատրաստուած «Արամեան վարժարանի հարիւրամեայ պատմութիւնը» հատորը։ Պուրմաեան ի տղայ տիոց մօտ եղած է գրական աշխարհին եւ զանազան թերթերու մէջ հրատարակած է իմաստասիրական, կրթական ու մանկավարժական բնոյթով յօդուածներ։ Մահացած է 1987-ին եւ թաղուած՝ Պաղլարպաշիի գերեզմանատունը։