Վարդուհի Քալանթար

Վարդուհի Քալանթար
Վարդուհի Քալանթար

Վարդուհի Քալանթար 1895-ին ծնած է Պուրսա, ուր հայրն ու մայրը հիմնած էին Քալանթարեան վարժարանը։ 1908-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Պոլիս։ 1911-ին համալսարանական կրթութիւն ստանալու նպատակով կը մեկնի Լոզան։ Աւարտելէ ետք Լայփցիկի մէջ կը շարունակէ յետհամալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը, սակայն չի կրնար շարունակել զայն, որովհետեւ ամռան արձակուրդին կը սկսի Առաջին աշխարհամարտը եւ ան չի կրնար լքել Պոլիսը։ Այդ շրջանին մատնութեան մը հետեւանքով խուզարկումի կ՚ենթարկուի տունը եւ կը ձերբակալուի հօրն ու մօրը հետ։ Քալանթար ազատ կ՚արձակուի 1918-ին։ Պատերազմի աւարտին կը մասնակցի հանրային օժանդակութեան աշխատանքներուն, կ՚աշխատակցի «Հայ կին» հանդէսին։ 1922-ին կը գաղթէ ԱՄՆ, ուրկէ անգամ մըն ալ չդառնար իր ծննդավայրը։ Հոն կ՚ամուսնանայ Զաւէն Նալբանդեանի հետ եւ այր ու կին Զարեւանդ գրական անուամբ քաղաքական ու պատմագիտական բազմաթիւ աշխատանքներ կը ստորագրեն։ Քալանթար 1978-ին կը մահանայ Ուաշինկթընի մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.