Զաւէն Պիպէռեանի «Մրջիւններու Վերջալոյսը» Նոր Յրատարակութեամբ

Զաւէն Պիպէռեանի «Մրջիւններու Վերջալոյսը» Նոր Յրատարակութեամբ
Յառաջ
Արբի Թօթօեան
01.10.2007

Բոսոր երկնքի մը տակ, մութ ջուրերու վրայէն մեկնող նաւու մը սեւ զանգուածէն լոյսերու շարանի մը ցոլքը ինկած է ծովուն վրայ. խուսափուկ պահու ներկայութիւն մը այդ ցոլքը, որ պիտի մարի շուտով. բայց բաւած է մութին մէջ տեսանելի ընելու ծովափին մնացած երկու պարապ աթոռները: Տպաւորութիւնը այնպիսին է որ անոնց վրայ վերջին հանգչողները մտած են այդ նաւը, մեկնելու ձգտումին անձնատուր: Մեկնումին թիրախ չի թելադրեր լուսանկարը. կ՛ընդգծէ միայն հեռացումը, ափի մը վրայ ձգուած ամառնային բացօթեայ պարտէզի մը երկու աթոռներով:

Վստահաբար դժուար էր աւելի յարմար տեսարան գտնել, քան՝ Արա Կիւլէրի ոսպնեակով արձանագրուած այս մէկը, վէպի մը համար որ կը պատմէ իւրօրինակ երթը Պոլսոյ հայութեան, Ունեւորութեան տորքի անդոհանքին ընդմէջէն: Երթ մը որ քանիցս մեկնումի հոմանիշ եղաւ, կամ դէպի աշխատանքի ճամբար Աշքալէ, կամ արտասահման. առաջինը եթէ բռնի մմեկնում մըն էր, հատուցանելու համար տարապայմանօրէն ծանր տուրքը, երկրորդը յապաղած փրկութեան կը նմանէր. նաեւ 1915-էն ետք տակաւին այդ երկիրը մնացած ըլլալու մեղքին քաւութեան:
Կարմիրէն ու սեւէն տիրապետուած լուսանկարը կողքը կազմած է այդ օրերուն նիւթով գրուած վէպին, որ Զաւէն Պիպէրեանի «Մրջիւններու Վերջալոյսը»ն է: Յայերէն խնամուած, ճոխացած այս հրատարակութեան ձեռնարկուած է «Արաս»ը, 1998-ին վէպը թրքերէն թարքմանութեամբ լոյս ընծայելէ մօտ տասնամեակ մը ետք: Իսկ առաջին հրատարակութիւնը (1984) յաջորդած էր «Ժամանակ» օրաթէրթին մէջ անոր որպէս թերթօն տպուելուն (1970):
Եթէ նկատի առնուի որ Զ. Պիպէրեանի անունը որքա՛ն քիչ բան կ՛ըսէ ընթերցասէր միջին հայուն եւ թերեւս աւելի քիչ՝ Պոլսոյ մեր նոր սերունդին, աւելի քան տեղին է «Արաս»ի երկբնոյթ ընտրութիւնը: Մանաւանդ Ունեւորութեան տորքին նման Թորքիոյ անմիջական անցեալին լռութեան մէկ դրուագին նիւթով այդ գործը միայն այդ հանգամանքով արդէն շրջանակը զանցելու յատկանիշը ունէր: Ասոր հետ վէպին գրական արժէքը թէ՛ ամուր վկայ կ՛ըլլայ այդ մարզի մեր համեմատաբար քիչ յաջողութիւններուն, թէ արդար վարձքը կը հատուցանէ անտեսուած չգնահատուածներու խումբէն այս ինքնատիպ հեղինակին:
Ամբողջական այս հրատարակութեան (603 էջ) մէջ տեղ տրուած է հեղինակին մէկ ինքնակենսագրականին, զոր նամակի ձեւով ուղղուած է Յրանդ Բալուեանին (1962) եւ այս վերջինին գրական արխիւէն լոյսըն բերուած Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ: Նոյնպէս «Միտք եւ Արուեստ»ի 1988 Յունուարի թիւէն առնուած է Մարկ Նշանեանի ընդարձակ վերլուծումը վէպին առաջին հրատարակութեան առթիւ: Կայ վերջապէսշուրջ երեսուն էջնոց Ծանօթագրութիւններու բաժին մը, ապա այբբենական ցանկ մը անուններու,օտար բառերու, ասութիւններու եւլն.:
Յաջորդով՝ վէպին համապարփակ նախաբանը զոր ստորագրած է հայերէնի, հայերէնագիտութեան բնագաւառին մէջ Պոլսոյ «երեսը ճերմակ հանող» երիտասարդ ուժ մը՝ Սեւան Տէյիրմէնճեան:

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.