Մրջիւններու Վէրջալոյսը

Մրջիւններու Վէրջալոյսը
Kurkjian
01.10.2007

Սիրելի Սեւան Տէյիրմէնճեան, Նախ՝ կրկին շնորհակալ՝ «Մրջիւններու Վէրջալոյսը» վէպէն օրինակ մը ինծի հասցնելու ձեր քայլին համար: Թէ՛ իբր անձնական վերաբերում, եւ թէ՛ իբր ցուցանիշ ընդհանրական մօտեցումի մը,առնչուող՝ սփիւռքեան ոլորտի հարցերուն (եւ որուն կ՛անդրադարնամ վարը):

Մամուլէն ադէն ունեցած տեղեկութիւնս՝ վերհրատարակութեան մասին (շնորհիւ Արասի անսպառելի ուժականութեան եւձեր խմբագրական աջակցութեամբ ու նախաբանումով), ապա այս գործերէն ունեցած արձագանքներս՝ Մարկ Նշանեանի 1988ի վերլուծումը՝ իր օրին («Յառաջ»), ապա ձեր իսկ նախաբանը՝ մամուլի մէջ արտատպուած,- զիս անհամբեր դարձուցած էին աւելի հիմնաւորելու Զ.Պիպէռեանի գործէն ունեցած կիսատ, թէեւ արդէն դրական, պատկերացումս:
Ձեզի անծանօթ չէ,հաւանօրէն,որ յատուկ ուշադրութեամբեւ գուրգուրանքով կը հետեւիմ, ինչպէս արեւմտեան աշխարհի տարածքին հայ համայնքներու՝ այնպէս ալ այսօր «սփիւռքեան» պայմաններ դիմագրաւող (է՛ր երբեմն՝ արեւմտահայ մշակոյթի օրրան) Պոլիսի ծոցին տարուած ճիգերուն, հայալեզու հայ մշակոյթի, գիրի ու գրականութեան պահպանման, վերածաղկման ուղղութեամբ: Յայերէնն ու հայալեզու հայ գրականութիւնը / մշակոյթը շսջացնող, օտարալելու «հայ» մշակոյթով օրէ օր քիչ մը աւելի բաւարարուող մտայնութիւններուն դէմ՝ թումբ կանգնեցնելու հիմնական մէկ ձեւը այս է – « “հայալեզու”ի անփոխարինելիութեան շեշտումը, անոր հանդէպ գուրգուրանքը: Ու մանաւանդ՝ զայն որակով ու որակի համար խնամելու փոյթը:

***

Չերկարելու համար ըսեմ, որ մեծ շահագրգռութեամբ կարդացի ու վերակարդացի վէպը (արդէն բաւական ծանոթ ըլլալով միւս կողմէ Պիպէռեանի հոգեմտաւոր աշխարհին). նոյն ձեւով ու թափով վերակարդացի նաեւ ձեր նախաբանը եւ Մարկ Նշանեանի վերլուծական յօդուածը, որ հատորին մէջ ներառելու արդար ու տեղին նախաձեռնուիւնը առած էիք:
Առհասարակ կը բաժնեմ վերլուծական շեշտադրումները՝ երկուքիդ ալ մօտ: Եւ ատոր համար՝ միտի խուսափիմ մանրամասնումներէ՝ որոնք կրկնութիւններ ըլլալու սահմանուած են: Պիտի ուզէի սակայն կորհրդածական քանի մը գիծեր աւելցնել անոնց վրայ: Կ՛ըսեմ՝ «աւելցնել» եւ ոչ հակադրել, նոյնիսկ եթէ անոնք որոշ շեշտադրումներով տեղ-տեղ թուին հակադրուիլձերփններուն: Եղածը, ես կը հաւատամ, պարզապէս «կարեւորութեան շեշտի» տեղափոխում մը պիտի ըլլայ:
՝՝Սփիւռքի վէպ՝՝ին անբաւարարութեան գնահատումը, ձեր կողմէ, հաւանօրէն չի վերաբերիր անոր մինչ-յիսունական տարիներուն (որ արեմտահայերէնով գրուած վէպի յարաբերաբար ամենախիտ շրջանն է), այլ յետագայ՝ վերջին այս յիսնամեակին: Եթէ Սփիւռքի վէպը սկիսբէն, ու մինչեւ այսօր, եղաւ ինչ որ եղաւ միայն, -գլխաւոր պատճարը արդէն նշուած է ձեր կողմէ. վէպը կ’ենթադրէ հաւաք ու գործօն ընկերա-մշակաութային կեանք, ինչ որ մեզի չի տրամադրուիր Սփիւռքի ցրօնքէն: Ճշգրտում-երանք մը բերելու համար՝ այդ անբաւարարութիւնը ընկերացած է արեւմտահայ գրականութեան՝ իր ծնունդէն. եթէ նախա15-եան Պոլիսիչափով մը կը տրամադրեր այդ հաւաք կեանքի՝ չէր ապահուեր համապատասխան գործօնութիւնը, յատկապէս գրաքննութեան մկրատին պատճառով…: Այլ նրբերանգում, այս մէկը՝ դրական, մեզի աւելի մօտ. -20րդ դարու վերջին քառորդը տեսաւ արեւմտահայերէնով գրուած վէպերու նոր տիտղոսներ, քանակով արդէն ոչ անտեսելի, իսկ որակով՝ անզանցելի: Անուններ տալու կարիք չունիմ ձեզի- բայց մտածումի եւ խօսքի յստակութեան սիրոյն սոսկ՝ յիշատակեմ միայն չորսը.- Զարեհ Որբունի, Գրիգոր Պըլտեան, Ռոպէր Յատտէճեան, Վահէ Օշական (վերջինի պարագային՝ կը մտածեմ վիպակներու մասին)…

***

Յարցական մը՝ Պիպէռեանի գործի ըստ արժանւոյն գնահատուած չըլլալուն ձեր (եւ Մ.Ն.ի) հաստատումներուն առիթով: Յամաձա’յն:Յամաձայն՝ նաեւ իրողական կացութիւններուն՝ Պիպէռեանի անձին կապուած թէ’ ժամանակի պայմաններուն, եւ որ կը մատնանշէք բացատրելոա համար այդ գործին անտեսումը: Սակայն ե’ւ ձեր, ե’ւ Մարկի համակրական դիրֆորոշումներէն՝ ի պաշտպանութիւն Պիպէռեանի գործին, -անտեղեակ արձը պիտի ստանար տպաւորութիւնը՝որ այլ վիպագիրներ Սփիւռքի տարածքին ընդունուած են եթէ ոչ գրկաբաց, այլ գոնէ բաւական լայն հասարակութենէ մը:
Մինչ… սկսած՝ 20ականերէն, ու մինչեւ այսօր, կրնա՞ք յիշատակել գրական գործեր, որոնք գնահատուած ըլլան ըստ արժանւոյն: Քանի՞ հոգի կը ճանչնայ վէպերուն անունները, հեղինակներո’ւն անունները- բացառելով թերեւս Շահնուրի ՝՝Նահանջ՝՝ը, որ համեմատական համբաւ մը շահած է, ակամայ, իր շուրջ ստեղծուած ՝՝գաղափարախօսական՝՝ ալիքներուն պատճառով, որոնք երբեմն նաեւ կը ծածկեն- կը մոռնան անվիճելի գրական արժանիքներ: Իսկ գալով աժսօրուան Սփիւռքի գրական գործերուն,արեւմտահայախօս ՝՝զանգուած՝՝էն քանի՞ն կը կարդայ…:
Երբեմն գրագէտներ այդ անտեսումը ՝՝կը պարտին՝՝ որոշ առարկայական պայմաններու, կամ նկարագրային լուսանցքայնութեան մը (Ճիշդ ինչպէս Պիպէռեանի պարագային…): Վահէ Օշական իր գործը գրեց սկսած հայախօս բայց ՝՝աւանդապաշտ՝՝ Պէյրութէն, ուր լուսանցքայինի պիտակը արդէն կպցուեցաւ իրեն, մինչեւ Ֆիլատելֆիա եւ Սիտնի, ու հայ գրական գործը տարաշխարհիկ -եւ անմատչելի- պտուղ է: Պըլտեան մը՝ կը ցրէ Փարիզ…: Պիտի ըսէք՝ Պոլիսը եւս քիչ կը կարդայ այսօր հայերէն: Դժբախտաբար ճիշդ է, բայց աւելի եւս դժբախտաբար՝անիկա բացարութիւն մը չէ…: Գոնէ Պոլիսի աւելի՝ առարկայական է ու արդար՝ իր գրագէտներու մեծարումին մէջ (ատիկա վերջերս արտայայտուեցաւ Զահրատի մը, ապա եւ նոյն սերունդի նոյնքան արժանաւոր ներկայացուցիչներէն վիպագիր Յատտէճեանի մը, բանաստեղծ խրախունիի մը առիթով…): Ըսի ՝՝մեծարում՝՝, կարծես հակադրելով ՝՝ճանաչում՝՝ին: Ատ ալ լրիւ ճիղդ չէ. ճիգ մը կը նկատուի, մեծարման որոշ ձեռնարկներու, կարդալու եւ լսելի ընելու գրագէտներու գործերը…

***

Այլ հարց՝ Պիպէռեանի վերադառնալով: Ձեր վերլուծումը շահեկան է եւ ըստ ամենայնի ընդունելի: Սակայն ինծի կը թուի, որ ՝՝Վերջալոյս՝՝ի գլխաւոր (հակա)հերոս Պարէտին կը մօտենաք մասնաւոր ակնոցով -որուն գոյնը հոս երկար պիտի ըլլար բնորոշել ջանալ:Յամառօտ փորձ մը միայն ընեմ.- Պարէտը, իմ համոզումով, անճանաչելի չէ. ան պարզապէտ ներկայացուած է տարբեր տիպի դիտարկումով մը, եւ իբր կերպար՝ աւելի ունի կարիքը ընթերցողի վերծանման: Արդէն դուք կ’ըսէք ձեր նախաբանին մէջ, որ կը հպանցէք միայն Պարէտի կերպարի ստեղծման հիմնական պրոցեսը՝ կեդրոնանալու համար այլապէս կարեւոր տարրերու վրայ: Ափսո’ս.քանի շատ արդարօրէն հաստատելէ ետք անոր փախուստները, ըսելէ ետք՝ թէ ան ՝՝կայք չունի, հաստատուն չէ՝՝, կ’արժէր շեշտել անոր ՝՝ոչ-կայացածութիւնը՝՝ իբր հոգեբանական անհատ. կ’արժէր առաջ տանիլ անոր վերլուծումը՝ մեկնելով ձեռնպահութեան,՝՝դառնացածութեան՝՝, կիսկատարութեան անդրադարձ թիքի վերածուած կեցուածքներէն: Կեցուածքներ, որոնք զինք զոհի վիճակէն՝ կը հասցնեն մինչեւ այլ զոհերու դահիճը դառնալու դիրքին… կրաւորապէս (Լուլայի մը պարագան, որուն ՝՝սպանութիւնը՝՝ երկար ատեն ետք միայն ընդունելու ատակ պիտի ըլլայ՝ այդ ընդունումը ապրելով իբր քաջութիւն…): Ի հարկէ, գրականութիւններու պատմութիւնը ունի’ ՝՝կիսկատարութեան՝՝ հոյակապ, ամբողջական գրական կերպարներ. կարելի’ բան է: Բայց ինծի կը թուի, որ Պարէտի հոգեբանական ՝՝ան-ամբողջութիւնը՝՝, անոր ինքնասահմանման բացասական ձեւը (ինքզինք այլոց հակադրելով միայն) այնպիսին է, որ իր կարգին կը յանգի կերպարային՝ ըսել կ’ուզեմ գրական կերպարի կիսկատարութեան մը: Երեւոյթը հաւանօրէն կը հանապատասխանէ նաեւ ձեր հետաքրքրական հաստատումներուն՝ անոր ՝՝անճանաչելիութեան՝՝ մասին. կամ այն հաստատումներուն՝ որ Պարէտը տակաւին պիտի ըլլայ վէպէն դուրս, անոր վայրէն ու ժամանակէն դուրս կամ ետք…: Բայց ասիկա արդէն դուրս կը մնայ նաեւ իրեն հանդէպ ընթերցողի մեր ՝՝գրական շահագրգռութեան՝՝ ծիրէն…
Այս բոլորը փաստարկելը մեզ հեռու պիտի տանէր, եւ կը հրաժարիմ աւելի հեռու երթալէ…: Բայց կը հաւատամ, որ ՝՝անկատարութեան՝՝ այս տեսակը էապէս կապուած է հեղինակի անձին եւ ՝՝պատմութեան՝՝ կենսագրութեան: Ու զայն աւելի լուսաւորելու համար՝ պէտք պիտի ըլլար սերտել Պիպէռեան-Պարէտ հոզեբանական առնչութիւնները: Առանց ՝՝Վերջալոյս՝՝ը լրիւ ինքնակենսագրական վէպ յայտարարելու մօտեցումի մը (որ նախնական պիտի ըլլար), կը պնդեմ, որ կ’արժէ քննել կենսագրական-նկարագրային նմանութիւններ,որոնք Պարէտի կերպարի ստեղծումը պայմանաւորող եղած են այսպէս կամ այնպէս: Ե’ւ հեղինակ, ե’ւ հերոս՝ ծանր են անյուսութեան եւ դառնութեան անկրելի բեռով մը, որ հեղինակին մօտ հաւանօրէն ստեղծած է կաշկանդումներ՝ կեդրոնական այս կերպարի ստեղծման ճիգին մէջ -յաջող վէպ մը ստեղծել արտօնելով հանդերձ՝ իր ընդհանրութեան մէջ, օժանդակ կերպարներու եւ ընտանեկան-հասարակական կապերու եւ կացութիւններու մակարդակներուն: Պիպէռեանի ոլորտը յայտնօրէն ա’յս է աւելի , ու անհեթեթ պիտի ըլլար պահանջել այլ բան…: Ժխտական աշխարհի մը ժխտականութիւնը թափով, մոլուցքով եւ փայլուն թելադրականութեամբ նկարելը՝ ինքնին մեծ արժէք է անկասկած. բայց փաստ է, որ կեդրոնական կերպարի ներքին ոլորտը, ըլլալու ձգտող մարդ էակի մը ազխարհը՝ կը պակսի ինչպէս Պարէտի, այնպէս ալ իր ՝՝հօր՝՝, ըսել կ’ուզեմ՝ հեղինակին: Պիպէռեանի միակտուր յոռետեսութիւնը, Պոլիսէն մինչեւ Պէյրութ՝ ինքզինք լուսանցքայնացուցած, իր վրայ կծկուած, ղառնացած, կեանքի թէկուզ սակաւ դրական երեւոյթները ժխտող մարդու վիճակը – այս բոլորը անկասկած մասամբ կը բացատրուին դժուար ժամանակներով, կեանքի տաժանելի պայմաններով: Բայց… միայն մասամբ: Որովհետեւ՝ ինչ ալ ըսուի՝ անհատ մը իր նկարագրով նախ ինքզինք կը լուսանցքայնացնէ, ապա միայն կը լուսանցքայնացուի այլոց կողմէ:
վերջին այս շեշտումներս թերեւս քիչ մը շատ ծանրացան. բայց ոչ առանց պատճարի: Մարկ Նշանեանը, իր կարգին, արդէն սպարիչ ձեւով անդրադարձած էր Պիպէռեանի անտեսման, ոչ-արժեւորման խնդրին, եւ փաստը ընդվզեցուցիչ գտնելով հանդերձ (կը կրկնեմ՝ արդարօրէն), նաեւ որոշ հասկացողութիւն կը ցուցաբերէր ատոր հանդէպ: Ինծի եւս կը թուի, որ Պիպէռեան, նոյնիսկ եթէ կարդացուելու այլ տուեալներ ունենար, իր աշխարհի անհորիզոն, անյոյս եւ դառն ըմբոստութեամբ, ինքնակծկումով, ինքնամեկուսացումով թերեւս ի’նք իսկ գործեր ի վնաս իր լայն ընկալումին – այլապէս: Կամ առնուազն՝ մարդիկ, գնահատելով հանդերձ իր գործը իբր պատկերում,ընկալելով հանդերձ իր դիրքորոշումները՝ իրենց ախտաճանաչային բարիքին համար,- տեղ մը արդրադառնային սակայն գործին ամլութեան, անհեռանկարութեան, անամբողջութեան:
Կ’ընդունիմ, որ հոս այլեւս իմ մղիչս գրականէ դուրս ելլող գնահատում մըն է, հաւանօրէն բխող՝ ՝՝վտանքեալ՝՝ հախաքականութեան մը ինքնապաշտպանութեան անդրադարձ բնազդներէն…
Ըսի, որ Մ.Ն.ի սպառիչ գրութիւնը հաճոյքով վերընթերցեցի՝ օրին մամուլի մէջ կարդացած ըլլալէ ետք: Անկախ՝ գործի վերլուծումին ուղղակի առնչուող շահեկան մատնանշումներէ, հոն ուշադրութեան արժանի են գործի արտաքին շրջագիծին պատկանող տարրեր եւս.անոնցմէ՝ կրկին՝ զգայուն եմ Պիպէռեանին ՝՝արդարութիւն ընելու՝՝ իր ձգտումին. բայց առաւել թանկագին է ինծի՝ սփիւռքեան մեր ՝՝անտեղի կղզիացումներէն՝՝ դուրս գալու իր կոչը: Եւ նախորդ պարբերութիւններուն մէջ Պիպէռեան-մարդուն եւ իր մարդկայնօրէն անհորիզոն գործին տրամադրած շեշտումներէս ետք, կարծեմ յստակ է, որ Պիպէռեանի մը առիթը թերեւս յարմարագոյնը չըլլայ՝ ցրօնք եւ անձկութիւն ապրող հաւաքականութեան մը համար՝ այդպիսի ոստում մը, ինքնազանցում մը ընելու…
Կը ձայնակցիմ գրական-մշակութային արժէքներ վերարժեւորելու ձեր եւ այլոց ճիգերուն, հրաւէրին: Բայց կը ձայնակցիմ ու կը մասնակցիմ մանաւանդ՝ շարքերու խտագման եւ հաղորդակցութեան, գաղութային ՝՝անտեղի՝՝ (ե’ւ վնասակար) կղզիացումներու զանցումի կոչերուն: Յանուն պաճքարի՝ Սփիւռքի տարածքին հայալեզու հայ մշակոյթի եթէ ոչ նորոզ ծաղկումին, այլ գոնէ որակաւոր եւ կենսունակ պահպանման… Եւ մխիթարական է, որ երիտասարդ ուժեր կը պատրաստուին, կը բարձրանան պատնէշ, ու մանաւանդ կը փորձեն կապէր պահել, ու նոր կապեր ստեղծել: Մետիաներ եւ հաղորդակցութիւններու արհեստագիտութիւն՝ եթէ մէկ կողմէ կը ջանան ողողել, խեղդել փոքրամասնական մշակոյթները, երանի աւելի եւս մղէին մեզ՝ առաւելագոյնս օգտպւելու իրենց ընծեռած կարելիութիւններէն, հաղորդակցութեան գլխապտոյտ դիւրութիւններէն…
Շնորհակալութիւն եւ ձեր ուժը անսպառ:

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.