Արասէն հրատարակչական արշաւ

Արասէն հրատարակչական արշաւ
Ակօս Գիրք
Բագրատ Էսդուգեան
05.12.2016

Վերջին ժամանակներու կարեւորագոյն ուրախութիւններէն մէկը կը ներ­կա­յանայ «Արաս» հրա­տարակ­չա­տան հրա­տարա­կու­թիւննե­րու քա­նակի առու­մով ար­ձա­նագ­րած աչ­քա­ռու ոս­տումը։ Հրա­տարակ­չա­տու­նը իր հիմ­նադրու­թեան ժա­մանակ­նե­րէն իսկ ար­ժա­նացած է ար­տադրած իւ­րա­քան­չիւր գիր­քի նկատ­մամբ ցու­ցա­բերած խիստ բծախնդիր որա­կով։ Այնտեղ գիր­քե­րը կ՚ար­ժա­նանա­յին խմբագ­րա­կան շատ կա­րեւոր քննար­կումի եւ ըն­թերցո­ղը, յա­ճախ ալ ոչ հայ ըն­թերցո­ղը կը բա­ւարա­րուէր իրեն փո­խան­ցո­ւած յա­ւելեալ տե­ղեկու­թիւնով։ Շատ ան­գամ հայ ան­հա­տի հա­մար սո­վորա­կան ու բնա­կան թո­ւացող բազ­մա­թիւ գի­տելիք­ներ կրնա­յին օտա­րազ­գի ըն­թերցո­ղի հա­մար ան­հասկա­նալի թո­ւիլ։ Այդ դժո­ւարու­թիւնը յաղ­թա­հարե­լու հա­մար «Արաս» իր լոյս ըն­ծա­յած գրա­կանու­թեան մէջ լայն տեղ կու տար էջա­տակե­րու նշումնե­րուն։ Սա­կայն այս բո­լորով հան­դերձ անոր տա­րուայ ըն­թացքին հրա­տարա­կած գիր­քե­րը խիստ սա­կաւա­թիւ կը մնա­յին բաղ­դատմամբ այս շու­կա­յի մէջ որոշ մա­կար­դակ մը ձեռք բե­րած այլ հրա­տարակ­չա­տու­նե­րու։ Վե­րեւ նշո­ւած ոս­տումով Պոլ­սոյ այս շատ կա­րեւոր մշա­կու­թա­յին հաս­տա­տու­թիւնը այժմ յա­ջողած է այդ շու­կա­յի մէջ իր ար­ժա­նի տե­ղը գտնե­լու։ Վեր­ջա­պէս պէտք չէ մոռ­նալ որ հրա­տարակ­չա­տան մը ար­հեստա­վարժ հա­մարո­ւելու գլխա­ւոր հրա­մայա­կանն է իր հրա­տարա­կու­թիւննե­րուն թի­ւը։ Ծա­նօթ իրո­ղու­թիւն է որ գիր­քի փա­ռատօ­նի նա­խոր­դող օրե­րուն հրա­տարակ­չա­տու­նե­րը թափ կու տան նոր գիր­քե­րու պատ­րաստու­թեան։ Կ՚ու­զեն աւե­լի մեծ քա­նակու­թեամբ գիր­քե­րով յայտնո­ւիլ այս հսկայ շու­կա­յին մէջ։ Ու­րա­խու­թեամբ նշենք որ «Արաս»ի մեր ըն­կերնե­րը այս տա­րի ամ­բողջո­վին յա­ջողած կ՚երե­ւին իրենց այս առա­քելու­թեան մէջ, քա­նի որ անոնք վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն լոյս ըն­ծա­յեցին բազ­մա­թիւ նոր գոր­ծեր։ Ան­շուշտ հարկ է նշել թէ հրա­տարակ­չա­կան այս մեծ ար­շա­ւը թրքե­րէն ըն­թերցող­նե­րուն պար­գե­ւեց շատ հա­րուստ ցանկ մը։ Մեր ժա­մանակ­նե­րու գրա­կանու­թեան մէջ տի­տան­ներ կո­չու­մի ար­ժա­նի հեղինակներու գիր­քերը հրա­տարա­կուե­ցան։

 

«Kitap/Գիրք» յա­ւելո­ւածի այս հա­մարին մէջ պի­տի փոր­ձենք այդ գիր­քե­րէն միայն եր­կու օրի­նակ­նե­րուն ա­նդրա­դառ­նալ։

 

Առա­ջին հեր­թին կ՚ար­ժէ խօ­սիլ Մկրտիչ Մար­կո­սեանի նոր հրա­տարա­կու­թեան մասին։

 

Տիգ­րա­նակեր­տի ոգին իրեն յա­տուկ ջերմ ոճով մը նկա­րագ­րող Մար­կո­սեան, այս ան­գամ դուրս կ՚ել­լէ այդ սահ­մա­նու­մէն եւ ըն­թերցող­նե­րուն կը մա­տու­ցէ մտո­րումնե­րու հա­տոր մը։ Մար­կո­սեան իր այս աշ­խա­տու­թեան մէջ կ՚անցնի աշ­խարհի սահ­մաննե­րը եւ խորհրդա­ծու­թիւններ կ՚ընէ աշ­խարհի արար­ման Սուրբ Գրա­յին վար­կածնե­րու մա­սին։ Գի­տենք որ Հին Կտա­կարանն ու Նոր Կտա­կարա­նը աշ­խարհի գո­յու­թեան մա­սին կը պատ­մեն նոյն միտ­քե­րը։ Գի­տենք աշ­խարհի կազ­մութեան ոդի­սակա­նը, թէ ինչպէս եր­կինք ու եր­կիր իրար­մէ ան­ջա­տուե­ցաւ, ապա ինչպէս ծո­վերը ստեղ­ծո­ւեցան, ինչպէս բու­սա­կան աշ­խարհը եւ կեն­դա­նու­թիւնը լե­ցու­ցին աշ­խարհի երե­սը ու վեր­ջա­պէս բո­լորս գի­տենք թէ, կամ ալ հետզհե­տէ գի­տենք թէ Եւա ի՞նչ մա­հացու մեղք գոր­ծեց, որուն հե­տեւան­քով մեր նա­խահայրն ու նա­խամայրը վտա­րուե­ցան դրախ­տէն։

 

Մար­կո­սեան իր այս աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ իւ­րա­յատուկ, պար­զա­միտ ու ծի­ծաղող ոճով խնդիր­ներ կ՚ու­նե­նայ սոյն Սուրբ Գրա­յին գրա­կանու­թեան հե­ղինակ­նե­րուն հետ։ Կար­դա­լով «Աս­տուծոյ Ու­ղե­ւորու­թեան Տո­մարը» ակա­մայ կը ժպտինք այդ գրա­կանու­թեան տրա­մաբա­նու­թե­նէ հե­ռու որոշ պա­տումնե­րուն վրայ։ Սա­կայն կ՚երե­ւի թէ այս բո­լորէն աւե­լի ու­շագրաւ կա­րելի է հա­մարել գիր­քի աւար­տին դրո­ւած «Հո­գեճաշ» անուն պատ­մո­ւած­քը, որ իր կար­գին հա­յերէն գա­ւառա­կան գրա­կանու­թեան ամե­նայատ­կանշա­կան օրի­նակ­նե­րէն մէ­կը ըլ­լա­լով ըն­դունո­ւելու ար­ժա­նի է։ Մար­կո­սեան այնտեղ շրջե­լով Շիշ­լիի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատան բազ­մա­թիւ շի­րիմ­ներ, գա­ւառէն եկած իր հօ­րը կը ծա­նօթաց­նէ ժո­ղովրդի մը բո­լոր այն կա­րեւո­րագոյն դէմ­քե­րը, որոն­ք իրենց վաս­տա­կով մեծ նպաստ բե­րած են ժո­ղովրդի հա­րազատ մշա­կոյ­թին զար­գացման։ «Այս ալ մեր Սուրբ Խա­չի հիմ­նա­դիր Գա­րեգին Պատ­րիար­քի շի­րիմն է» կ՚ըսէ եր­կիւղա­ծութեամբ եւ անոր հա­մար ալ կը ստա­նայ հօ­րը օրհնու­թիւննե­րը։ Այդտեղ ըն­թերցո­ղը կը բաժ­նէ գա­ւառա­ցիի յա­տուկ գնա­հատե­լու, գի­տակ­ցե­լու եւ ար­ժե­ւորե­լու ու­նա­կու­թիւնը։ Այս պատ­մո­ւած­քը տա­րիներ առաջ լոյս տե­սած էր «Մար­մա­րա» թեր­թի էջե­րուն վրայ եւ ըն­դունո­ւած էր, որ­պէս աւե­տիս հա­յերէն գրա­կանու­թեան նոր գիւ­ղա­գիրի մը յայտնու­թեան առու­մով։ Ար­դէն ճիշդ նոյն ժա­մանակ­նե­րուն լոյս տե­սաւ Մար­կո­սեանի «Մեր Այդ Կող­մե­րը» անուն գոր­ծը, որ ապա թարգմա­նուե­լով թրքե­րէնի ար­ժա­նացաւ շատ մեծ ժո­ղովրդա­կանու­թեան։ Մի գու­ցէ կա­րելի է ըսել որ այդ հե­տաքրքրու­թիւնը պատ­ճառ դար­ձաւ որ Մար­կո­սեան յետ այ­սու հրա­ժարի հա­յերէն գրե­լէ եւ իր բո­լոր գրա­կան ար­տադրու­թիւնը տա­նի տե­ղական լե­զուով։

 

Երբ նիւ­թը կը վե­րաբե­րի գրա­կանու­թեան այնտեղ հե­ղինա­կի լե­զուն երկրոր­դա­կան կը մնայ բաղ­դատմամբ իր խօս­քին։ Վեր­ջա­պէս գնա­հատո­ւածը նախ ինչ ըսելդ է, որ լե­զուով ըսելէդ աւելի։ Կար­ծես ճիշդ ալ այս մա­սին խորհրդա­ծելու առիթ հան­դի­սանա­լու հա­մար «Արաս»ի վեր­ջին հրա­տարա­կու­թիւննե­րէն մէ­կը կը վե­րաբե­րի խիստ հա­յեցի, բայց ոչ հա­յերէն գրող հե­ղինա­կի մը։ Ըն­թերցո­ղը ար­դէն գու­շա­կած է։ Կը խօ­սինք հայ գրա­կանու­թեան տի­տան­նե­րէն մէ­կուն՝ ամե­րիկա­հայ ծա­նօթ գրող Ուի­լիըմ Սա­րոյեանի մա­սին։ «Արաս» նա­խապէս ալ հրա­տարա­կած էր հայ ժո­ղովուրդի այս հա­րազատ գրի­չին զա­նազան գոր­ծե­րը եւ աւե­լին, հրա­տարա­կած էր նաեւ անոր դէ­պի եր­կիր կա­տարած ճա­նապար­հորդու­թեան նկա­րագ­րա­կանը Պերճ Զո­պեանի գրի­չով։ Սա­րոյեանա­կան յա­տուկ հու­մո­րով անուն մը ու­նի այս գիր­քը՝ «Թու­թա՞կ Ես Ծօ՛»։ Յա­ճախ ու­րիշնե­րուն ըսա­ծը կրկնե­լով խօ­սող­նե­րուն դէմ գոր­ծա­ծուած յան­դի­մանա­կան նա­խադա­սու­թիւն մը ահա։

 

Գրա­կանու­թեան ամե­նաձեռնտու մի­ջոց­նե­րէն մէ­կուն կը դի­մէ Սա­րոյեան եւ ըն­կե­րու­թեան մէ­ջէն վե­րակեր­տած կեր­պա­րի մը թե­րու­թիւննե­րը ընդգծե­լով կը խօ­սի մարդու յա­տուկ հա­մաշ­խարհա­յին տկա­րու­թիւննե­րու մա­սին։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.