Արաս մատենաշարէն լոյս տեսաւ ծննդեան 80-ամեակին առթիւ Թորոս Թորանեանի պատմուածքներու հաւաքածոն՝ «Թթխմոր»ը, որ մեզի նոր առիթ մը կու տայ վերաթափանցելու մեր սիրելի երէց եղբօր ներաշխարհին, քանի որ այս հատորը ընտրանի մըն է հեղինակին նախապէս լոյս տեսած բազմաթիւ գործերուն մէջէն:
«Թթխմոր»ի էջերուն մէջ Թորանեան ընթերցողին կը ներկայացնէ հերոսներ, որոնք երբեմն ծանօթ են միայն իրենց անմիջական միջավայրին, իսկ ոմանք ալ՝ համայն հայութեան ու աշխարհին: Այսպէս, «Պոլսեցի Խաչօն» զարմանալիօրէն ծանօթ է մեզի իր ապրումներով եւ մենք յաճախ հանդիպած ենք նոյն հոգերը բաժնողներուն: Նոյնն է պարագան «Ընկերներ»ուն մէջ: Կեանքի փոռձարութեամբ հանդիպած ենք մեր «Մելքոն»ներուն կամ «Կօշկակար Գէորգ»ներուն, որոնք պատմուածքի մէջ յիշուած դէպքով կրնան դուրս գալ Պէյրութէն ու դառնալ տիեզերական դէմքեր:
Ա. Շաւարշ՝ բանաստեղծը, Արամ Փէհլիվանեան՝ քաղաքական գործիչը, կամ Ահմէտ Սայտամ՝ Կոմունիստը. այս երեք անունները կերպարանք կը գտնեն նոյն մարմնին մէջ յաճախ հակասելով, երբեմն ալ դաւաճանելով մէկը միւսին դէմ: Դեռ էջերը թղթատելով այցելութիւն կու տանք Նազըմ Հիքմէթի շիրմին՝ Մոսկուա, որպէսզի Ժագ Իհմալեանն ու Զաքարը կարօտով հանդիպին իրարու, որպէսզի Զաւէն Պիպէռեանի Պէյրութեան օրերէն վկայութիւններ ունենանք, որպէսզի բժիշկ Հայկ Աչըքկէօզի հետ ծանօթանանք, մինչեւ որ հասնինք «Գէորգ ամմօ»ին բանտին մէջ ու ան պատմէ ազնիւ գողերուն գաղտնիքները:
Արա Կիւլէր լուսանկար չի համարեր այն պատկերը, ուր մարդը չկայ: Թորանեանն ալ իբրեւ նոյն հասկացողութիւնը որդեգրած գրող, մարդու մտքին, մարդու հոգերուն, մարդու զգացումին, մարդու տանջանքին կամ մարդու ուրախութեան մէջ կը գտնէ այն, ինչ որ պատմելու արժանի է: Երբ մարդը բացակայի, աշխարհը դատարկ է կարծես իրեն համար: Մարդիկ պիտի պատմեն իրենց ապրումները, նոյնիսկ հողին տակէն (Բարեւ Հայրիկ), կամ նոյնիսկ գերակշիռ պիտի ըլլայ վայրը (Փարիզի Արաքս Տպարանը), մարդն է ողջ նիւթը Թորանեանին: Ի զուր չէ, որ հոս տեղադրուած պատմուածքներու գիրքերէն մէկն ալ կը կրէր՝ «Բոլորն ալ մարդեր են» խորագիրը:
Վերջապէս այս գիրքը մեզի կ’ընծայէ ծանօթանալու առիթը Թորոս Թորանեան մարդուն հետ, որպէս Հայ գրող, որպէս բժիշկ, որպէս որբի զաւակ որբ, որպէս տարագրի զաւակ՝ սպանդէն վերապրած առաջին սերունդի որդի, որպէս ամուսին, որպէս հայր: Եւ դեռ որպէս գործիչ Սփիւռքի հայապահպանման մեծ պայքարին մէջ: Այդ ծանօթութիւնը կը վայելենք 35 էջերու վրայ ընթերցնելով՝ «Ինքնակենսագրութիւն» բաժինը:
Գիրքին կողքին վրայ նկարուած են 1920-ական տարիներէն մէկուն Հալէպի Մեսրոպեան Վարժարանի բոկոտն սաները, որոնք թախծոտ ժպիտով մը կը նային ոսպնեակին: Լուսանկարը՝ 2009-ի Մայիսին մեզ կը տանի խորհուրդներու, որոնք ի դէմ այդ տղոց լուսապայծառ ժպիտին՝ թախծ կը բուրեն: Թորոս Թորանեանն է, որ չէ պարտուած այդ թախիծին պարտադրած մելամաղձոտութեան: Ընդհակառաը՝ պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր երգած է իր 80-ամեայ շունչով:
Կեցցէ՛ մարտնչողին վաստակը: Արաս մատենաշարէն լոյս տեսաւ ծննդեան 80-ամեակին առթիւ Թորոս Թորանեանի պատմուածքներու հաւաքածոն՝ «Թթխմոր»ը, որ մեզի նոր առիթ մը կու տայ վերաթափանցելու մեր սիրելի երէց եղբօր ներաշխարհին, քանի որ այս հատորը ընտրանի մըն է հեղինակին նախապէս լոյս տեսած բազմաթիւ գործերուն մէջէն:
«Թթխմոր»ի էջերուն մէջ Թորանեան ընթերցողին կը ներկայացնէ հերոսներ, որոնք երբեմն ծանօթ են միայն իրենց անմիջական միջավայրին, իսկ ոմանք ալ՝ համայն հայութեան ու աշխարհին: Այսպէս, «Պոլսեցի Խաչօն» զարմանալիօրէն ծանօթ է մեզի իր ապրումներով եւ մենք յաճախ հանդիպած ենք նոյն հոգերը բաժնողներուն: Նոյնն է պարագան «Ընկերներ»ուն մէջ: Կեանքի փոռձարութեամբ հանդիպած ենք մեր «Մելքոն»ներուն կամ «Կօշկակար Գէորգ»ներուն, որոնք պատմուածքի մէջ յիշուած դէպքով կրնան դուրս գալ Պէյրութէն ու դառնալ տիեզերական դէմքեր:
Ա. Շաւարշ՝ բանաստեղծը, Արամ Փէհլիվանեան՝ քաղաքական գործիչը, կամ Ահմէտ Սայտամ՝ Կոմունիստը. այս երեք անունները կերպարանք կը գտնեն նոյն մարմնին մէջ յաճախ հակասելով, երբեմն ալ դաւաճանելով մէկը միւսին դէմ: Դեռ էջերը թղթատելով այցելութիւն կու տանք Նազըմ Հիքմէթի շիրմին՝ Մոսկուա, որպէսզի Ժագ Իհմալեանն ու Զաքարը կարօտով հանդիպին իրարու, որպէսզի Զաւէն Պիպէռեանի Պէյրութեան օրերէն վկայութիւններ ունենանք, որպէսզի բժիշկ Հայկ Աչըքկէօզի հետ ծանօթանանք, մինչեւ որ հասնինք «Գէորգ ամմօ»ին բանտին մէջ ու ան պատմէ ազնիւ գողերուն գաղտնիքները:
Արա Կիւլէր լուսանկար չի համարեր այն պատկերը, ուր մարդը չկայ: Թորանեանն ալ իբրեւ նոյն հասկացողութիւնը որդեգրած գրող, մարդու մտքին, մարդու հոգերուն, մարդու զգացումին, մարդու տանջանքին կամ մարդու ուրախութեան մէջ կը գտնէ այն, ինչ որ պատմելու արժանի է: Երբ մարդը բացակայի, աշխարհը դատարկ է կարծես իրեն համար: Մարդիկ պիտի պատմեն իրենց ապրումները, նոյնիսկ հողին տակէն (Բարեւ Հայրիկ), կամ նոյնիսկ գերակշիռ պիտի ըլլայ վայրը (Փարիզի Արաքս Տպարանը), մարդն է ողջ նիւթը Թորանեանին: Ի զուր չէ, որ հոս տեղադրուած պատմուածքներու գիրքերէն մէկն ալ կը կրէր՝ «Բոլորն ալ մարդեր են» խորագիրը:
Վերջապէս այս գիրքը մեզի կ’ընծայէ ծանօթանալու առիթը Թորոս Թորանեան մարդուն հետ, որպէս Հայ գրող, որպէս բժիշկ, որպէս որբի զաւակ որբ, որպէս տարագրի զաւակ՝ սպանդէն վերապրած առաջին սերունդի որդի, որպէս ամուսին, որպէս հայր: Եւ դեռ որպէս գործիչ Սփիւռքի հայապահպանման մեծ պայքարին մէջ: Այդ ծանօթութիւնը կը վայելենք 35 էջերու վրայ ընթերցնելով՝ «Ինքնակենսագրութիւն» բաժինը:
Գիրքին կողքին վրայ նկարուած են 1920-ական տարիներէն մէկուն Հալէպի Մեսրոպեան Վարժարանի բոկոտն սաները, որոնք թախծոտ ժպիտով մը կը նային ոսպնեակին: Լուսանկարը՝ 2009-ի Մայիսին մեզ կը տանի խորհուրդներու, որոնք ի դէմ այդ տղոց լուսապայծառ ժպիտին՝ թախծ կը բուրեն: Թորոս Թորանեանն է, որ չէ պարտուած այդ թախիծին պարտադրած մելամաղձոտութեան: Ընդհակառաը՝ պայքա՛ր, պայքա՛ր, պայքա՛ր երգած է իր 80-ամեայ շունչով:
Կեցցէ՛ մարտնչողին վաստակը: