Հայերէն

Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան

Յ. Ճ. Սիրունի

Սեռ՝ Մենագրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

Էսաեան եւ Կեդրոնական վարժարաններէ ընթացաւարտ Յ. Ճ. Սիրունիի այս ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ՚առնէ Գարեգին արք. Խաչատուրեանի անձն ու վաստակը։ Հատորը նաեւ հրատարակիչ սաներուն մատուցած տուրքն է արմաշական իրենց հիմնադրին՝ Գարեգին Խաչատուրեանին, իր ձեռակերտը եղող Ս. Խաչ Դպրեվանքի 50-ամեակին առթիւ: Այս մենագրութեան մէջ ընթերցողը պիտի գտնէ նաեւ «Նարեկ»ի վերլուծումը՝ Սիրունիի գրիչով։

180,00 

Etiket Fiyatı: 360,00 

%50
Add to cart

Զարմանալի աշխարհ

Ս. Ք. Զանգու

Տարօնի իր արմատներէն առած բանաստեղծական աւիշով սնած ու ստանպուլահայ կրթական օճախներու շունչով տոգորուած, դեռ Կեդրոնականի աշակերտ՝ յայտնութիւն մը եղած էր Զանգու: Հարկադրաբար բաժնուելով երկրէն, ան մաս կազմեց Ֆրանսահայ գրողներու միութեան: Այս մէկը իր եօթներորդ գիրքն է, որ բանաստեղծութիւններու կարգին կը բովանդակէ նաեւ վերլուծական, գրախօսական, կենսագրական, քննադատական արձակ էջեր, ինչպէս նաեւ նամակներ։

200,00 

Etiket Fiyatı: 400,00 

%50
In cart

Հայերէն բառգիրք

Գեղամ Քերովբեան

Սեռ՝ Բառգիրք
Լեզուն՝ Հայերէն

Հայերէնի ուսուցիչ Գեղամ Քերովբեան-Իշքօլի (1924-1980) «Հայերէն բառգիրք աշխարհաբար լեզուի» աշխատութիւնը լոյս տեսած է 1962-ին: Քերովբեան-Իշքօլ բառարանը կազմած է դպրոցականներու անմիջական պահանջները գոհացնելու մտադրութեանբ եւ հայ բառերը իրենց յատուկ ու նաեւ փոխաբերական ինաստով դիւրութեամբ ծանօթացնելու նպատակով։

Հեղինակին աշակերտներէն Արտաշէս Մարկոսեանի խմբագրութեամբ՝ այս հրատարակութիւնը խմբագրական միջամտութիւններով ու բազմահարիւր նոր թրքերէն համարժէքներով «վերամշակուած» տարբերակ մըն է: Հատորը կը բաղկանայ մօտ 10.000 բառէ:

375,00 

Etiket Fiyatı: 750,00 

%50
Add to cart

Ի լրումն ժամանակի

Անել

Սրտաբան տքթ. Կարօ Կարապետեան իր գործերով գրաւած է գրական շրջանակներու ուշադրութիւնը: Անել գրչանունով հրատարակած է բանաստեղծական հինգ հատոր, որոնցմէ վերջինն է «Ի լրումն ժամանակի»ն: Անել ունի տակաւին անտիպ քերթուածներու հոյլ մը, նաեւ երկու հոգեբանական վէպ ու պատմուածքներու շարք մը: 1998-ին դարձած է Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ։ Տարբեր առիթներով արժանացած է զանազան հաստատութիւններու շքանշաններուն:

Out of stock

Օրագրութիւն Սարկաւագի քառասունք ձեռնադրութեան

Թորգոմ Մանուկեան

Սեռ՝ Օրագրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

Երուսաղէմի պատրիարք Թորգոմ արք. Մանուկեանի սարկաւագութեան եւ աբեղայ ձեռնադրութեան առաջին օրերուն գրառած օրագրութիւնն է այս հատորը: Երկու բաժիններն ալ գրուած են քսան տարեկանի պարգեւած անկեղծութեամբ, հետաքրքրական անցուդարձերով:

Out of stock

Լուցիքա Տուտու

Յակոբ Այվազ

Սեռ՝ Երգիծական
Լեզուն՝ Հայերէն

Ժամանակը առաւ տարաւ նաեւ Պոլսոյ հայեվարը, որմով Յակոբ Այվազ կերպաւորած էր Լուցիքա Տուտուն, 1968-1996 տարիներու միջեւ, «Քուլիս»ի մէջ: Գիրքը կը ներկայացնէ Լուցիքա Տուտուներէ փունջ մը, որոնց

Out of stock

Յոյսի անտես թեւերով

Ներսէս Վանական

Հատորը կ՚ամփոփէ Ներսէս Վանականի՝ Ներսէս արք. Պոզապալեանի հոգեւոր ապրումները: Ան իր եկեղեցական ու վարչային աշխատութիւններուն առընթեր ունէր բանաստեղծական սիրտ եւ միտք. մինչ այդ իր աշխատութիւնները հաւաքուած էին չորս

Out of stock

Հէ՜գ թուղթի կտորներ

Վահրամ Պուրմաեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Գիրքը կ՚ամփոփէ Վահրամ Պուրմաեանի յուշերը եւ պատմուածքները։ Ունի մենագրական բնոյթ հեղինակին ծննդավայրին՝ Ատափազարի ու շրջակայքին մասին եւ կը փոխանցէ հետաքրքրական տեղեկութիւններ դարասկիզբի ապրելակերպէն: Հեղինակը ընթերցողը կ՚առաջնորդէ նաեւ դէպի Արմաշ՝

175,00 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%50
Add to cart

Կեանքի լուսանցքէն

Երուանդ Կոպէլեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Գիրքին մէջ ամփոփուած են 23 պատմուածք, որոնք հեղինակին երիտասարդական շրջանի աշխատութիւններն են: Նախապէս հրատարակուած իր եօթը գիրքերուն վրայ կու գայ աւելնալ «Կեանքի լուսանցքէն»ը, ուր կը տողանցեն

Out of stock

Եւ այապէս ապրեցանք

Ռուբէն Մաշոյեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Հեղինակը՝ Ռուբէն Մաշոյեան, ստանպուլահայ գրական կեանքէն ներս յայտնի անուն մը եղած է իբրեւ խմբագիր ու հրատարակիչ: Հիմնադիրն էր «Դէպի լոյս» մատենաշարին։ Ստորագրած է հրապարակագրական յօդուածներ ալ: Իր պատմուածքներէն նմոյշներ կան գիրքին առաջին մասին մէջ: Իսկ երկրորդ մասը, խորագրեալ «Ու անոնք գացին», կը պարունակէ եօթը դիմանկար ու յուշագրական ակնարկ՝ ստանպուլահայ մշակութային կեանքէ ծանօթ անուններու մասին:

175,00 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%50
Add to cart
Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.