«ԿԱՄ մատենաշար»ի այս երկրորդ միաւորը ԺԹ. դարու ազգայնացումի երեւոյթին կ՚անդրադառնայ, իրարմէ անջատելով ու կողք կողքի դնելով անոր երկու երեսները՝ ազգային բանասիրութեան սկզբնաւորութիւնը եւ առասպելաբանական կրօնքին գիւտը։ Երկուքին միջեւ կապակցութիւնը յայտնի կը դառնայ միայն երբ նկատի առնենք կայսերական իշխանութեան համակարգին մէջ՝ ենթակայ ժողովուրդներուն մօտ ազգայնացումի հոլովոյթը։ Նշանեան նոյն երեւոյթին երկու երեսներէն իւրաքանչիւրը պահած է իր բաժնին մէջ, երկուքին միջեւ ագուցումը կրկին…
Մարկ Նշանեանի «Բանաստեղծութիւն եւ յեղափոխութիւն» հատորը քով քովի կը բերէ հայ գրականութեան երկու կարեւոր դէմքերու՝ Եղիշէ Չարենցի եւ Վահէ Օշականի քերթողական գործերն ու աշխարհը։ Առաջին ակնարկով պատահական թուացող այս հանդիպումը խորքին մէջ երկխօսութիւն մըն է երկու տարբեր աշխարհներու միջեւ։ Մէկ կողմէն՝ Սովետական Հայաստանն ու Չարենցի «հայրենիք»ի որոնումը, միւս կողմէն՝ սփիւռքեան գոյավիճակին մասին Վահէ Օշականի վկայութիւնը։Հեղինակը, գրականագիտական ու փիլիսոփայական վերլուծումներով, կը քննէ Եղիշէ Չարենցի գործին մէջ պատմութեան,…
Յակոբ Օշականի «Հանգրուաններ» հատորը պատրաստուած է Մարկ Նշանեանի կողմէ ու կը բաղկանայ չորս յաջորդական բաժիններէ։ Յակոբ Օշականի գրիչէն ելած տասնհինք գրուածքներ կը հրամցուին, բոլորն ալ՝ քննադատական, փորձագրական, անդրադարձային եւ ինքնանդրադարձային բնոյթի։ Այս էջերուն մէջ գրականութիւնը կը խօսի ինքն իր մասին, գրող մը՝ ինքն իր մասին, Սփիւռքը՝ ինքն իր մասին։
Հատորին վերջաւորութեան՝ ընթերցողը պիտի գտնէ Մարկ Նշանեանի ստորագրութեամբ «Գեղագիտական սկզբունքը եւ…