Անահիտ Սարգիսեանի «Քառասուն ուլունք»ը ընթերցողը կը հրաւիրէ Տիկին Պէաթրիսի աշխարհը։ Հատորը մարգարիտէ մանեակի նման հատիկ-հատիկ կը շարէ ապրումներ, ուր իւրաքանչիւր ուլունք կեանքի մէկ հանգոյցն է եւ կամ մէկ յուշը։
Այս գործը վկայութիւն մըն է սպասումի եւ յոյսի։ Տիկին Պէաթրիս կը սորվի «յոյսի կծիկը» նորէն ու նորէն փաթթել , նոյնիսկ երբ փրկութեան դուռը կղպուած կը թուի։ Ի վերջոյ, երբ մանեակին…
Պատումներու այս երկրորդ շարքով, Անահիտ Սարգիսեան կը պատմէ այն աշխարհին մասին, ուր «իմս քուկդ չկա՛ր»։ Ընթերցողին առջեւ կը կախուի անհետացող աշխարհին սովորական առօրեայէն փրթած, գողտրիկ պատկերներ՝
աջ ձախ
առջեւ ետեւ
ո՛ւր որ դարձար
հո՛ն…
210,00 ₺
Etiket Fiyatı: 300,00 ₺
«Մերինները...» գիրքի հրատարակութեամբ, Անահիտ Սարգիսեան չափահասներուն հետ պատումներու շարք մը կը բաժնէ։ Իր խօսքով հիւսած եւ թուղթին վրայ ներկած իր թելով՝ ընթերցողին միջոցային եւ ժամանակային ճկուն տարածքներու վրայ հին հանդիպումներու եւ նոր ծանօթութիւններու դաշտ մը կ՚ուրուագծէ։
«Մերինները...» ընթերցողին ենթագիտակցութեան մէջ կորսուած պատումներուն հետ հեռու մօտիկ կապեր կը ստեղծէ, յիշողութիւններ կը դրդէ կամ բոլորովին նոր պատուհան մը կը բանայ՝ Տիկին…