Հայերէն

Գաւառէն ձայներ

Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան

Սեռ՝ Ուղեգրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

Պատմական Հայաստանի յուշարձանները, Անատոլուի հայկական մնացորդացը յատկապէս վերջին տասնամեակին, կ՚արժանան անօրինակ հետաքրքրութեան մը։ Հայ թէ օտար ճանապարհորդներ, պրպտողներ, խուզարկուներ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր զայն վերածած են վայրի մը, որու հոգեւոր ու նիւթական գանձերը դուռ կը բանան նոր բացայայտումներու։

Կար ժամանակ սակայն, երբ պատմական Հայաստանի տարածք այցելել հերոսութեան համազօր առաքելութիւն մըն էր, քիչեր միայն կը համարձակէին ազատօրէն շրջիլ այնտեղ, ուր մնաց…

245,00 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%30
Sepete Ekle

Փոքրիկ իշխանը

Անթուան Տէօ Սենթ-Էկզիւփերի

Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Լուիզ Պաքար

Աշխարհի վրայ մանկական-մանկապատանեկան գրականութեան ամէնէն յայտնի, տարածուն գիրքն է «Փոքրիկ իշխանը»: Պատմութիւնն է փոքրիկ տղայի մը քաջութեան, խելքի ու իր շատ բարի սրտիկին մասին։ Այս գիրքին մէջ կայ բարութիւն, պարզութիւն ու անմիջականութիւն։ Միայն փոքրերը չէ որ կը կարդան Փոքրիկ իշխանը, այլ մեծերն ալ:

Աշխարհի ամէնէն ընթերցուած գիրքերէն մէկն է «Փոքրիկ իշխանը», զոր հեղինակը՝ Անթուան տէօ Սենթ-Էքզիւփերի գրած է 1942-ին, Նիւ…

245,00 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%30
Sepete Ekle

Կարպիս Ճանճիկեանի հետքերով Աշխատասիրեց՝ Ռուբէն Մաշոյեան

Կարպիս Ճանճիկեան

Բանաստեղծ Կարպիս Ճանճիկեան, որ կը նկատուի ստանպուլահայ նոր բանաստեղծութեան հիմնադիրը, իր մահէն 70 տարի անց վերստին կը ներկայանայ գրասէր հանրութեան: Գիրքը, որ վաղամեռիկ բանաստեղծին ստեղծագործութիւնները կը հաւաքէ կողքի մը տակ, վերահրատարակութիւնն է 1990-ին Ռուբէն Մաշոյեանի կողմէ խմբագրուած համանուն հատորին։ Սահակեան սանուց միութեան կողմէ հրատարակուած հատորը պատրաստուած էր «Նորք» հրատարակչատան երդիքին տակ։ Ներկայ հրատարակութիւնը, որ վերստին ընթերցողներու սեղանին կը դրուի Սահակեան-Նունեան լիկէոնի…

252,00 

Etiket Fiyatı: 360,00 

%30
Sepette

Աւերակներուն մէջ

Զապէլ Եսայեան

Սեռ՝ Վկայագրութիւն
Լեզուն՝ Հայերէն

համանուն գիրքին՝ իր յաջողագոյն երկին:Զապէլ Եսայեան 1909ին որբախնամ աշխատանք տանելու պարտականութեամբ Պոլիսէն մեկնած էր Ատանա որպէս Պատրիարքական պատուիրակութեան անդամ եւ իր ականատեսի վկայութիւնները ամփոփած էր այս հատորին մէջ: Հաւատարիմ մնալով 1911ի տպագրութեան, ներկայ հրատարակութիւնը կ'ընդգրկէ նաեւ Մարկ Նշանեանէն երկարաշունչ «փոխան յառաջաբանի» մը եւ ընդարձակ յաւելուածի բաժին մը, ուր զետեղուած են Զապէլ Եսայեանի «Կիլիկիոյ որբանոցները» յօդուածաշարքը (1911ին Նիւ Եորկի մէջ հրատակուած),…

Stokta yok

Մեծ պատրիարքը

Արա Ակինեան

Սեռ՝ Վէպ
Լեզուն՝ Հայերէն

Արա Ակինեան այս անգամ կը պատմէ Մաղաքիա Օրմանեան պատրիարքին կեանքին մասին: Փոթորկոտ, վերիվայրումներով լեցուն կենսագրութիւն մը կը ներկայացնէ ընթերցողին Արա Ակինեան, որու միջոցով կարելի է հետեւիլ նաեւ արեւմտահայութեան ԺԹ դարավերջի ու Ի դարասկիզբի պատմական անցքերուն։ Գիրքը ունի երկու մաս՝ բաժնուած քառասունչորս գլուխի: Վէպը 1950-51ին որպէս թերթօն հրատարակուած է «Ժամանակ»ին մէջ՝ Ա. Սօսի ծածկանունով:

259,00 

Etiket Fiyatı: 370,00 

%30
Sepete Ekle

Տիգրիսի ափերէն

Մկրտիչ Մարկոսեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Հատորը կը մէկտեղէ Մկրտիչ Մարկոսեանի թէ՛ վերջին եւ թէ երիտասարդական շրջանի գրութիւնները՝ հրատարակուած ստանպուլահայ օրաթերթերուն եւ իր համախմբագրած «Թօ» ամսաթերթին մէջ: Հատորը կը բաղկանայ 26 գրութիւններէ, որոնք 1950-ականներու Տիգրանակերտի հայերու կենցաղէն դրուագներ են: Ինչպէս հեղինակին միւս գործերը, այս գիրքն ալ «օղորմի» է տեղւոյն հայութեան, որոնց լեզուին մէջ «օղորմի էրթէ հոգուն»ը ակնարկ մըն է իրենց անցեալին:

Stokta yok

Մեր այդ կողմերը

Մկրտիչ Մարկոսեան

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

«Մեր այդ կողմերը» 1988-ին արժանացած է «Էլիզ Գավուքճեան» մրցանակին (Փարիզ): Եզակի պատահար մըն է, երբ պատմուածքի գիրք մը կ’արժանանայ վեց տպագրութեան, ինչպէս այս մէկ հատորը: Այս գիրքին մէջ կը տողանցեն Տիգրանակերտի վերջին հայերը, կը նկարագրուի 1950-ական թուականներու Տիգրանակերտը՝ իր նեղ փողոցներով, հայկական կեանքով՝ հարսանիք, ծնունդ, թաղում եւլն:

245,00 

Etiket Fiyatı: 350,00 

%30
Sepete Ekle

Գիւղը կ’ապրի իմ մէջս

Յակոբ Մնձուրի

Սեռ՝ Պատմուածք
Լեզուն՝ Հայերէն

Մնձուրի՝ գիւղացի հողագործը, գիւղի ուսուցիչը, քաղաքին ծանր բանուորը, մտաւորականըԲայց նախեւառաջ գրողըԱն երգեց կարօտի, երազի, սիրոյ, արցունքի, հաւատքի, ծանր ու արդար աշխատանքի, համեստ

Stokta yok

Դդումի համ

Զահրատ

Գիրքը կը բաղկանայ եօթը բաժիններէ՝ «Դդումի համ», «Ագապիաբար», «Տողադարձ», «Ծնրաչոք», «Պատմուածքներ», «(Համ)ադամ», «Աղաւնակերպ»: Հատորին մէջ կայ  100 քերթուած, որոնք գրեթէ ամբողջութեամբ Զահրատի վերջին անտիպներն են՝ գրուած  2005-2006 թուականներուն:

Գիրքը կը բովանդակէ նաեւ Զահրատի հակիրճ կենսագրականը, իր տիկնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի սրտի խօսքը եւ քանի մը լուսանկար:

266,00 

Etiket Fiyatı: 380,00 

%30
Sepete Ekle

Անտիպ թերթս

Զահրատ

Հատորը կ'ընդգրկէ պոլսահայ նորարար բանաստեղծ Զահրատի անտիպ եւ գիրքերէ դուրս մնացած բանաստեղծութիւնները: Յետ մահու տպագրուած այս գիրքը իրականացած է հեղինակի կնոջ՝ Անայիս Եալտըզճեանի ջանքերով: Գիրքը կը բովանդակէ Զահրատէ 278 բանաստեղծութիւն, որոնք դասաւորուած են հինգ գլուխներու տակ: «Անտիպ Թերթս» երեւան կը հանէ Զահրատի անծանօթ այլ երեսները՝ թարգմանիչն ու մանաւանդ արձակագիրը:

350,00 

Etiket Fiyatı: 500,00 

%30
Sepete Ekle
Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.