Ազատութեան հրաշալի մեքենաները

Քիրլի Սաունտըրս

217,50 

Etiket Fiyatı: 290,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Ռոպէր Քոփթաշ

Բնագրի լեզուն՝

Անգլիերէն

Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Նկարազարդում

Մէթ Օթլի

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յունիս 2020

Էջն ու չափերը՝

32 էջ, 24,5×27 սմ

ISBN

9786050688115

Բացատրութիւն՝

Աշխարհի միւս ծայրէն՝ Աւստրալիոյ երկինքէն հոս կը հասնին Ազատութեան հրաշալի մեքենաները, որ մանկական մրցանակակիր գիրքերու հեղինակ Քիրլի Սաունտըրսի ու մրցանակակիր նկարիչ Մէթ Օթլիի հոյակապ նկարները ի մի բերող յոյսով լեցուն եւ ներշնչող պատմութիւն մըն է։ Ան կը պատմէ մանուկի մը պայքարը՝ ստեղծելու իր ազատութեան մեքենան, յամառութիւնը եւ անափ երջանկութիւնը, զոր կ՚ապրի ան իր մեքենայով նոր աշխարհներ յայտաբերելու շնորհիւ։ Երեւակայեցէք փոքր «բան» մը արտադրել, երբ մանուկ էք. բանի մը նման իսկ չըլլայ՝ ըլլա՛յ ձերը։ Չգիտնաք նոյնիսկ թէ ի՛նչ պիտի ընէք այդ «բանով», սակայն միշտ ըլլայ ձեզի հետ, ըլլայ անհաւատալի ուղեկից մը, ներշնչումի անսպառ աղբիւր մը, որուն հետ պիտի ընթանաք արկածէ արկած։ Մեքենայ մը, որ երբեմն աննպաստ եղանակէն ազդուի իսկ, ձեզ երբեք կէս ճամբուն պիտի չձգէ եւ պիտի առաջնորդէ հեռաւոր աշխարհներ… Մեքենայ մը, որու հետ կը սաւառնիք երկինքին վրայ եւ որու հետ կը յայտնաբերէք ընդծովեայ աշխարհը… Նոյնիսկ, այս բոլորը ան կարելի կը դարձնէ առանց ձեզ ձեր տեղէն իսկ շարժելու։ Ահա ձեր ձեռքին ունիք գիրք մը, որ ողջ աշխարհը եւ աւելին ձեր ոտքերուն առջեւ փռող այդ բանին մասին է։ Եւ իրականութեան մէջ անիկա ինքն է, այսինքն գիրքի մը մասին է։ Բոլոր անոնց, որոնք ազատութեան երազով կը փնտռեն իրենց մեքենան եւ անոնց, որոնք վաղուց գտած են զայն։

 

Տարիքային խումբ` 3+

Ետեւի կողքը՝

Այս գիրքը քնարական լեզուով եւ հոյակապ նկարներով կը պատմէ մանուկի մը ջանքը՝ ազատութեան իր մեքենան գտնելու, եւ այդ մեքենայով ըրած ճամբորդութեան ընթացքին գտած աշխարհները։ Բոլոր անոնց, որոնք ազատութեան երազով կը փնտռեն իրենց մեքենան. եւ անոնց, որոնք շատոնց գտած են զայն։

Հեղինակին մասին՝

Քիրլի Սաունտըրս

Միջազգային մրցանակներու տէր, մանկագիր, բանաստեղծ, թատերագիր, արուեստագէտ ու մանկավարժ մըն է։ Իր աշխատանքները, Աւստրալիոյ մէջ, արժանացած են բազմաթիւ մրցանակներու։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.