115,00 

Etiket Fiyatı: 230,00 

%50
Սեռ՝Ուղեգրութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Արէտ Կըճըր

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Սեպտեմբեր 2016

Էջն ու չափերը՝

160 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786055753719

Բացատրութիւն՝

Պատմական Հայաստանի յուշարձանները, Անատոլուի հայկական մնացորդացը յատկապէս վերջին տասնամեակին, կ՚արժանան անօրինակ հետաքրքրութեան մը։ Հայ թէ օտար ճանապարհորդներ, պրպտողներ, խուզարկուներ, տարբեր մասնագիտութիւններու տէր անձեր զայն վերածած են վայրի մը, որու հոգեւոր ու նիւթական գանձերը դուռ կը բանան նոր բացայայտումներու։

Կար ժամանակ սակայն, երբ պատմական Հայաստանի տարածք այցելել հերոսութեան համազօր առաքելութիւն մըն էր, քիչեր միայն կը համարձակէին ազատօրէն շրջիլ այնտեղ, ուր մնաց պեղումներ կատարել, հետազօտել, շփուիլ որպէս հայ դեռ իրենց գոյութիւնը պահպանող մնացորդացին հետ։ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան (1915-1993) մէկն էր այդ քիչերէն, որոնք իրենց վստահուած հոգեւոր հովուութեան պաշտօնը չէին կատարեր լոկ պատասխանատուութենէ դրդուած, այլ զայն կը վերածէին սիրոյ ու նուիրումի առաքելութեան, հայրենի լեռները բարձրանալու ու ձորերն իջնելու, աւելին՝ իրենց ապրած ժամանակը վկայագրելու ու ականատեսի ապրումները արձանագրելու պատրուակի։

1960-ականներէն սկսեալ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան, որպէս գաւառի հոգեւորական, կը շրջի պատմական Հայաստանի հինաւուրց քաղաքներն ու գիւղերը, կը տեսնէ այդ ժամանակ դեռ կիսականգուն հսկայ վանքերը, կը յարաբերի հոգեւոր սնունդի ու մխիթարութեան կարօտ հայրենակիցներու հետ։

Ներկայ հրատարակութիւնը կողքի մը տակ կը հաւաքէ Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեանի Դեկտեմբեր 1962-Ապրիլ 1963 թուականներուն, «Ժամանակ» օրաթարթին մէջ «Գաւառէն ձայներ» ընդհանուր խորագրով պարբերաբար հրատարակած յօդուածաշարքը, որ մաս կը կազմէ ատենին մեծ ժողովրդականութեան արժանացած «Ու ես կ՚երթամ»ներուն։ Տէր հօր գրիչով 1960-ականներու գաւառն է որ կը պատկերանայ մեր աչքին՝ հայու բեկորներով, կիսափուլ կամ ամբողջապէս աւերակ յուշարձաններով։ Հատորին մէջ գործածուած են նաեւ տէր հօր արխիւէն անձամբ իր կողմէ նկարուած լուսանկարներ։ Հատորը կազմած ու խմբագրած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեան, որ գրի առած է նաեւ յառաջաբան մը։

Այս գիրքը կու գայ լրացնելու հրատարակչատանս կողմէ 2005-ին տպագրուած «Ու ես կ՚երթամ» հատորը, ուր ամփոփուած էին տէր հօր «Նոր Մարմարա» թերթին մէջ 1964-1970 թուականներուն տպագրեալ յօդուածները։

Ետեւի կողքը՝

Աւերակներու մէջ ժամերով կը դեգերիմ, արձանագրութիւն մը, գիր մը, խաչի նշան մը կը փնտռեմ, բայց ի զուր։ Յուսահատ, գլխիկոր ու սիրտս կոտրած քարի մը վրայ կը նստիմ։ Շուրջս կը նայիմ, մէկը կը փնտռեմ, խապրիկ մը, լուր մը, անցեալէն բառ մը, խօսք մը կը սպասեմ։

Եւ ահա շեփորի մը ձայնը զիս կը սթափեցնէ եւ երիտասարդներ ուրախ երգեր երգելով իրենց ձիերը կը քշեն դէպի բերդը։ Ես ալ ոստումով մը կը հետեւիմ անոնց։

Ոլոր ու մոլոր, խորդ ու բորդ եւ սուր քարերով ճամբաներէն կ՚անցնիմ։ Օձերը կը ֆշշան, խոշոր մողէսները կը վազվզեն, մինչ ես կիզիչ արեւին տակ քրտինք թափելով կ՚ուղղուիմ իշխաններու բերդը…

Ու ես կ՚երթամ։

Հեղինակին մասին՝

Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան

Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան, ծնած Սեբաստիոյ հայաշատ Զառա գիւղին մէջ, 1960-ականներէն սկսեալ եղած է շրջուն հոգեւոր հովիւ գաւառի տարբեր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ, ինչպէս՝ Ատանա, Մարտին, Տիյարպեքիր, Էլազըղ, այդ թուականներուն իսկ իրենց գոյութիւնը պահպանող հայ համայնքներուն համար։ Պալըմեան դէպի գաւառ կատարած իր այցելութիւնները վերածած է առիթի մը՝ պեղելու, ուսումնասիրելու, յայտնաբերելու հայ ժողովուրդի նիւթական ու հոգեւոր ժառանգութեան մնացորդացը, զորս վկայագրած է ալ մամլոյ էջերուն վրայ տպագրած յօդուածաշարքերով, տակաւին անտիպ ու անմշակ սեւագրութիւններով, ինչպէս նաեւ խօսուն լուսանկարներով։

Մամուլի արձագանգ՝

Գաւառը իր 50-ամեայ հոգերով

  Ակօս Գիրք   Վարդան Էսդուգեան   09.11.2016

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.