585,00 ₺
Etiket Fiyatı: 650,00 ₺
«ԿԱՄ մատենաշար»ի այս երկրորդ միաւորը ԺԹ. դարու ազգայնացումի երեւոյթին կ՚անդրադառնայ, իրարմէ անջատելով ու կողք կողքի դնելով անոր երկու երեսները՝ ազգային բանասիրութեան սկզբնաւորութիւնը եւ առասպելաբանական կրօնքին գիւտը։ Երկուքին միջեւ կապակցութիւնը յայտնի կը դառնայ միայն երբ նկատի առնենք կայսերական իշխանութեան համակարգին մէջ՝ ենթակայ ժողովուրդներուն մօտ ազգայնացումի հոլովոյթը։ Նշանեան նոյն երեւոյթին երկու երեսներէն իւրաքանչիւրը պահած է իր բաժնին մէջ, երկուքին միջեւ ագուցումը կրկին երեւցնելու համար որպէս հարց, եւ ո՛չ թէ որպէս ստուգութիւն։
Բնական է՝ երկու հոսանքները անկախ չեն իրարմէ։ Հաւանաբար՝ նոյն երեւոյթն են, երկուքի բաժնուած։ Բանասիրութեան ծաւալումին երկու երեսներն են, անոր երկու մեծ «գիւտեր»ով։ Բնիկին գիւտը, առասպելին գիւտը։ Ինքնահայեցութեան պատմականացած էակին գիւտը, առասպելաբանական կրօնքին գիւտը։ Եւ սակայն երբ բնիկը երեւան կը բերենք Եդուարդ Սայիտէն մեկնելով, եւ առասպելաբանական կրօնքը՝ Շելլինկի փիլիսոփայութեան կամ ԺԹ. դարուն յատուկ կրօնագիտութեան ստորոգութիւններէն մեկնելով, այդքան ալ բացայայտ չէ երկուքին միջեւ կապակցութիւնը։ Կապակցութիւնը յայտնի կը դառնայ միայն երբ նկատի առնենք կայսերական իշխանութեան համակարգին մէջ՝ ենթակայ ժողովուրդներուն մօտ ազգայնացումի հոլովոյթը (եւ անոր աղիտալի վախճանը)։ Ահաւասիկ ինչո՛ւ դէմ դիմաց դրի բանասիրական յեղափոխութեան երկու երեսները, ինչո՛ւ անոնց կազմած միութիւնը ուզեցի ներկայացնել իր լման խնդրականութեամբ, առանց միջարկումի։ Ամէն մէկը ուզեցի պահել իր բաժնին մէջ, երկուքին միջեւ ագուցումին երեւոյթը կրկին երեւցնելու համար որպէս հարց, եւ ո՛չ թէ որպէս ստուգութիւն։