Գոյնզգոյն Սուտօքու Ա

206,25 

Etiket Fiyatı: 275,00 

%25
Սեռ՝ Մանկական
Լեզուն՝ Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Հոկտեմբեր 2017

Էջն ու չափերը՝

16 էջ, 19,5 x 27,5 սմ

ISBN

9786052100035

Բացատրութիւն՝

Սուտօքու, որ տարիներէ ի վեր կը ցնցէ աշխարհը եւ մեծահասակներու սիրելի զբաղումն է, 4-7 տարու մանուկներու համար պատրաստուած է հայերէնով։ «Գոյնզգոյն սուտօքու» ո՛չ միայն կը զուարճացնէ, այլ նաեւ կը փափաքի մանուկներու մօտ հետաքրքրութիւն մը յառաջացնել մտախաղերու հանդէպ։

«Գոյնզգոյն սուտօքու» մանուկներուն կը ծանօթացնէ տառերը, թուանշանները ու երկրաչափական մարմինները, կը զօրացնէ ճիշդ որոշումներ ընդունելու կարողութիւնը, կ՚օժանդակէ որպէսզի կարենան կեդրոնանալ որոշ նիւթի մը վրայ։ «Գոյնզգոյն սուտօքու»ին հանելուկները շատ աւելի զուարճալի է լուծել կպչուն պիտակներու շնորհիւ։

«Գոյնզգոյն սուտօքու» մտախաղի գիրք մըն է, զոր պիտի չկրնան իրենց ձեռքէն ձգել այն մանուկները, որոնց մայրենին հայերէնն է կամ հայերէն կը սորվին։

Ետեւի կողքը՝

Քիչ մը բառ, քիչ մը խաղ

Գոյնզգոյն Սուտօքու Ա

 

Այս գիրքին նպատակն է մանուկներուն ծանօթացնել Սուտոքու խաղը եւ հետաքրքրութիւն ստեղծել մտային խաղերու հանդէպ։

Տղաքը երբ զբաղին «Սուտօքու»ով եւ այլ մտային խաղերով՝

• Ա՛լ աւելի դիւրին կը սորվին տառերը, թուանշանները եւ գոյները:

• Արագ ու ճիշդ խորհելով՝ որոշում տալու ձեռնհասութիւնը կը ստանան պզտիկ տարիքին:

• Որոշ նիւթի մը վրայ կեդրոնանալու վարժութիւնը կ’ունենան:

• Կեանքը կը դիտեն քննական հայեացքով, առանց կրկնելու ուրիշները:

Օգտուելով խաղերէն՝ մեր նպատակն է նաեւ տղոց բառամթերքը հարստացնել եւ լեզուական կարողութիւնները զօրացնել։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.