Ես կը գծեմ իմ ճամբան

Հաթիէ Կարիփ

217,50 

Etiket Fiyatı: 290,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Բնագրի լեզուն՝

Թրքերէն

Խմբագիր՝

Էզկի Պերք

Կողքի ձեւաւորում՝

Մելիսա Արսէնեան

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Մարտ 2021

Էջն ու չափերը՝

40 էջ, 24x24 սմ

ISBN

9786057469229

Բացատրութիւն՝

Երկար ժամանակ կը պահանջէ ինքզինք ըլլալ։ «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» կը ներկայացնէ մանուկի մը՝ դէպի չափահասութիւն երկարող ճամբուն վրայ հանդիպած խոչընդոտները եւ անոնց դիմաց իրեն նեցուկ կանգնող մեծ մայրը, ընկերները, գիրքերով ու մատիտներով շրջապատուած աշխարհը։ Այն պահերը, երբ կը գիրնանք, երբ մենք մեզ կը զգանք տարբեր ու առանձին, տարիները, երբ անվերջ հարցումներ կը հարցնենք մենք մեզի՝ մեր կեանքի անբաժանելի հատուածներն են։ Եւ կ՚ունենանք նաեւ շրջաններ, երբ ժամանակ կ՚անցընենք տարիքոտներու հետ, երբ անոնց հետ կը ճանչնանք բոլոր կենդանիները։

Ճամբաները, զորս կ՚անցնինք երբեմն մեծահասակներէն խնդրած օժանդակութեամբ, երբեմն ալ առանձինն յաղթահարելով դժուարութիւնները, իրականութեան մէջ այլազան ձեւերով փորձարկուած աճելու արկած մըն է։ Եկէ՛ք նման արկածի մը վկան դառնանք մանուկի մը աչքով… «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» կը բանայ անզուգական աշխարհ մը, զոր իր գիրով ու գիծով ստեղծած է տաղանդաւոր նկարազարդող Հաթիէի Կարիփ։

Ետեւի կողքը՝

Երկար ժամանակ կը պահանջէ ինքզինք ըլլալ։

Տաղանդաւոր նկարազարդող Հաթիէ Կարիփի գրած ու նկարած գիրքի էջերուն ձեզի կը սպասէ ներքին ուղեւորութիւն մը, որ կը սկսի մանկութեան տարիներէն, երբ ամէն մարդ հսկայ կ՚երեւի մեր աչքին, ու կ՚երկարի մինչեւ չափահասութեան տարիները, երբ մաս կը կազմենք հսկաներու աշխարհին։ 

Անդադար հարցումներ ուղղած տարիները, ծերերու հետ անցուցած պահերը եւ հասակ նետելու ընթացքին պատահած այլ դէպքեր կը ներկայացուին մանուկի մը հայեացքով։

Իսկ հիմա կու գայ կարեւորագոյն հարցումը. իսկ դո՞ւն ինչպէ՛ս պիտի գծես քու ճամբադ։

Հեղինակին մասին՝

Հաթիէ Կարիփ

Հաթիէ Կարիփ գունաւոր գրիչ մը, որ կը սիրէ գծագրել ու ձեւաւորել։ Նկարազարդումի, գծավէպի ու պատկերագիրքի ոլորտներու մէջ կատարած իր աշխատանքը ունի միջազգային հնչեղութիւն։ Բացի այս գործերէն, ունի նաեւ ատենախօսութիւն մը, ուր ան կ՚ուսումնասիրէ հաշմանդամութեան արտայայտութիւնները։ «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» գրած ու գծագրած առաջին գիրքն է։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.