Իմ գիրքս (ո՛չ թէ քու)

Պեն Սենտըրս

217,50 

Etiket Fiyatı: 290,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Սեւան Տէյիրմենճեան

Բնագրի լեզուն՝

Անգլիերէն

Խմբագիր՝

Ռոպեր Քոփթաշ

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Դեկտեմբեր 2019

Էջն ու չափերը՝

32 էջ, 23×28 սմ

ISBN

9786058036390

Բացատրութիւն՝

Բարի եկաք ծոյլ-անասուն Լենթոյի գիրքը։ Լենթօ ուրախ ու խանդավառ է որ դուք կը կարդաք այս գիրքը, սակայն նախքան ձեզի իր պատմութիւնը պատմելը՝ պէտք է քնանայ քիչ մը։ Մինչ ան կը քնանայ, դարանակալած չարաճճի աղուէս մը արդէն իսկ սկսած է աշխատիլ գիրքը գրաւելու համար եւ ինքզինք հռչակած՝ գիրքին գլխաւոր կերպարը։ Ծոյլ-անասունը մտադիր չէ բնաւ գիրքին ղեկը յանձնելու աղուէսին։ Ինքզինք արտայայտել փափաքող  ծոյլ-անասունի մը եւ ուշադրութեան կեդրոնին յայտնուիլ փորձող աղուէսին մրցակցութիւնը կարդալու ատեն պիտի չկարենաք զսպել ձեր քահքահները։

 

Տարիքային խումբ` 2+

Ետեւի կողքը՝

Ծոյլ անասունի մը գիրքը երբ դառնայ ձանձրալի, պէտք է միջամտէ ուշիմ եւ առոյգ հերոս մը։

Հեղինակին մասին՝

Պեն Սենտըրս

Աւստրալիացի գրող ու գծագրող Պեն Սանտերս, որ նկարազարդումներ կատարելով սկսած է իր ապրուստը ապահովել 12 տարեկանին, իր կենսագրութեան մէկ շրջանը անցուցած է Անտեան լեռներուն վրայ, եւ աշխատելով Biblio Works-ի համար, որ կ՚օժանդակէր փողոցաշրջիկ տղոց եւ գրադարաններ կը հիմնէր հեռաւոր վայրերու մէջ։ Սանտերս հիմա կ՚աշխատի Վիքթորիա նահանգի Պալլարաթ քաղաքի իր սթիւտիոյին մէջ, նկարազարդումներ կատարելով Apple, Wall Street Journal եւ Harrods Of London-ի համար։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.