Ծաղկաւոր տետրակը

Լորան Կալանտոն

160,00 

Etiket Fiyatı: 320,00 

%50
Սեռ՝Գծավէպ
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Լուիզ Պաքար

Բնագրի լեզուն՝

Ֆրանսերէն

Խմբագիր՝

Փայլինէ Թովմասեան

Նկարազարդում

Վիվիան Նիգէզ, Ժերոմ Մաֆրը

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յունուար 2023

Էջն ու չափերը՝

100 էջ, 23,5x31 սմ

ISBN

9786257460170

Բացատրութիւն՝

«Արաս» հրատարակչատան գծավէպի շարքի այս չորրորդ գիրքը, ինչպէս նախապէս հրատարակուած «Հայ Մեծ ման», «Վարդօ»ն եւ «Հայ ուրուականը», ընթերցողը կը հրաւիրէ յայտնաբերելու Անատոլուի խորքերէն աշխարհի չորս ծագերը տարածուած պատմութիւններ, պատմութեան այն էջերը, զորս մարդիկ կ՚աշխատին ծածկել, նաեւ հասկնալու այն, թէ ժամանակակիցներու վրայ ինչպէս կ՚ազդեն այն ցաւերը, զորս անոնք կը ջանան ճնշել։

Լորան Կալանտոնի եւ Վիվիէն Լիքայիսի «Ծաղկաւոր տետրակ»ը, որ լայն ընդունելութեան արժանացած է Ֆրանսայի մէջ, խորհրդաւոր դէ քեր հետապնդելու ընթացքին, մեզ կը հրաւիրէ գտնելու գլուխկոտրուկի մը պակսեցուած կտորները։

Ջութակ մը, չամբողջացած համադրութիւն մը եւ Անատոլուէն Փարիզ երկարող արկածախնդրութիւն մը… Աշխարհահռչակ թուրք ջութակահարի մը Ֆրանսայի համերգը առիթ կ՚ըլլայ հետաքրքրաշարժ ծանօթութեան մը։ Ջութակահարը հիւանդանոցի մը մէջ կ՚այցելէ հայ ծերունիի մը եւ անոր հետ խոր նախապաշարումներով սկսած զրոյցը կը կապուի հարիւր տարի առաջ պատահածներուն՝ ապահովելով որ գտնուին ընտանեկանպատմութեան պակսող հատուածները։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս այդքան ալ անծանօթներ չենիրարու, ինչքան որ կը կարծեն ըլլալ։

«Ծաղկաւոր տետրակ»ը կը սեւեռէ մեր ապրած տարածաշրջանի դառն ու ցնցիչ ժամանակահատուածներէն մէկը եւ ցոյց կու տայ, որ ամենախաւար պայմաններու տակ իսկ յոյսը պէտք է ապրի։ Ոգեւորիչ գծագէպ մը, որ պահ մը իսկ չի կորսնցներ իր կշռոյթը եւ ընթերցողը կ՚առնէ իր մէջ…

Ետեւի կողքը՝

Ջութակ մը, անաւարտ երաժշտական գործ մը ու արկածախնդրութիւն մը, որ կը կապուի հին հայկական երկիրէն դէպի Փարիզ… Աշխարհահռչակ թուրք ջութակահարի մը Ֆրանսայի մէջ տուած համերգը հետաքրքական ծանօթութեան մը առիթ կը ստեղծէ։ Ջութակահարը հիւանդանոցի մը մէջ կ՚այցելէ հայ ծերունիի մը, ու երկու մարդու միջեւ խոր նախապաշարումներով սկսած զրոյցը կը կապուի դար մը առաջ ապրուածներուն՝ լրացնելով իրենց ընտանեկան պատմութեան պակասները։ Ո՞վ գիտէ, թերեւս ալ այդքան օտար չեն իրարու։

«Ծաղկաւոր տետրակը» պատմութեան ամենէն դաժան ու սարսափահար ժամանակներէն մէկուն կը տանի մեզ եւ ցոյց կու տայ, թէ յոյսը պէտք է ապրի մինչեւ իսկ ամենամութ պայմաններու ներքեւ։ Գծավէպ մը, որ երբեք չի կորսնցներ իր թափը՝ քաշելով իր ընթերցողը ներկայացուած անցուդարձին։

Հեղինակին մասին՝

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.