Ազգային-եկեղեցական կեանքէ վէպ մը, որուն առանցքը կը կազմէ Ամենայն հայոց կաթողիկոս ու Պոլսոյ պատրիարք Մկրտիչ Խրիմեանը՝ Խրիմեան Հայրիկը: Արա Ակինեանի գրիչով քայլ առ քայլ կարելի է հետեւիլ Խրիմեան Հայրիկի կեանքին, այլ խօսքով՝ հայոց պատմութեան կարեւոր մէկ ամանակահատուածին: Լուսանկարներով հարուստ գիրքը կը բաղկանայ երեք մասերու բաժնուած յիսունհինգ գլուխներէ: Ունի յաւելուած ու ծանօթագրութիւններու բաժին։
1908-ին ծնած է Սամսուն։ 1915-ի տարագրութեան շրջանին իր հայրն ու երկու քոյրերը կորսնցնելէ ետք, մօրը հետ հասած է Հալեպ, ուր երկու տարի մնալէ ետք վերադարձած են Պոլիս։ Կեդրոնական վարժարանէն ետք, 1932-ին աւարտած է Ռոպերթ քոլեճի առեւտուրի բաժինը։ Սկսած է աշխատիլ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Նոյն տարին յաջողած է մուտք գործել Ստանպուլի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը, զոր աւարտած է 1937-ին։ Լրագրութիւնն ու առեւտուրը եղած են իր հիմնական զբաղումները։ «Ժամանակ»ի առընթեր աշխատած է նաեւ «Ճումհուրիյեթ»ի համար։ 1948-ին ամուսնացած է դաշնակահար Վիքթորիա Չըրարեանի հետ։ Քոլեճի տարիներէն սկսեալ իր կապը չէ խզած մարզանքի հետ։ 1946-ին Գրիգոր Միսաքեանի եւ Բարսեղ Կեւրեքեանի հետ հիմնադրած է «Շիշլի» մարզակումբը։ Մեռած է 1976-ին, Պոլիս։