187,50 

Etiket Fiyatı: 250,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Կողքի ձեւաւորում՝

Արէտ Կըճըր

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Յունուար 2002
Գ տպագ., Նոյեմբեր 2015

Էջն ու չափերը՝

56 էջ, 16x24 սմ

ISBN

9789757265405

Բացատրութիւն՝

Յայտնի մանկավարժ Անահիտ ՕշականՈսկերիչեանի կողմէ մանուկներու եւ պատանիներու համար պատրաստուած հետաքրքրական գիրք մը ահա: «Հպարտ չղջիկը» հեղինակին ծրագրած պատկերազարդ պատմուածաշարքին երկրորդ գիրքն է։ Ան կը պարունակէ զանազան պատմուածքներ՝ քաղուած տարբեր ժողովուրդներու աւանդական բանահիւսութենէն: Գիրքը նկարազարդած է ստանպուլահայ յայտնի նկարիչ Էրօլ Սարաֆեան:

Հեղինակին մասին՝

Անահիտ Օշական-Ոսկերիչեան

Դուստրն է անուանի վիպագիր, քննադատ, մանկավարժ Յակոբ Օշականի։ Ծնած է 1919-ին Փլովտիւ, ուր ապաստանած էր հայրը իր տարագրութեան շրջանին։ 1924-ին ընտանեօք փոխադրուած են Գահիրէ, Եգիպտոս։ 1926-ին Կիպրոս, 1934-ին ալ Երուսաղէմ էր Անահիտ Օշական՝ Ս. Յակոբեանց վանքի եւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ հօրը ստանձնած ուսուցչական պաշտօններու բերմամբ։ Իր կրթութիւնը ամբողջացուցած է Երուսաղէմի Ամերիկեան քոլեճին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով մեկնած է Փարիզ։ 1943-ին իր կեանքը միացուցած է Տիրան Ոսկերիչեանի հետ, որ հետագային պիտի դառնար Միջին Արեւելքի նշանաւոր ճարտարապետներէն մէկը։ Ունեցան երկու զաւակ։ Օշական-Ոսկերիչեան որպէս մանկավարժ պաշտօնավարած է Երուսաղէմի մէջ։ Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան շրջանին Ոսկերիչեան ամոլը հաստատուեցաւ Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամման, ուր տիկին Անահիտ վերստին սկսաւ աշխատիլ որպէս մանկավարժ։ Հանգստեան կոչուելէ յետոյ ալ չխզեց իր կապը կրթութեան ոլորտին հետ, մշակեց նոր ծրագիրներ։ «Արաս» Օշական-Ոսկերիչեանէ հրատարակած է մանկական երեք գիրք։ Ան իր մահկանացուն կնքած է 2005-ին, Ամմանի մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.