Մեծ տղաքը կու լան

Ճօնթի Հավլի

232,50 

Etiket Fiyatı: 310,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Թարգմանիչ՝

Ռոպէր Քոփթաշ

Բնագրի լեզուն՝

Անգլիերէն

Խմբագիր՝

Էզկի Պերք

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Նոյեմբեր 2020

Էջն ու չափերը՝

40 էջ, 28×22 սմ

ISBN

9786050688160

Բացատրութիւն՝

«Մեծ տղաքը կու լան», զոր գրած ու գծագրած է անգլիացի Ճօնթի Հավլի, զգացումներ արտայայտելու, լալու եւ հանրային սեռի վրայ մտածելու մղող գիրք մըն է։ Մեր հերոսը՝ Լեւիկ, մտահոգ է վերամուտի առթիւ, սակայն հայրը զինքը կը քաջալերէ ու կ՚ըսէ. «Տղաքը չեն լար»։ Սակայն Լեւիկ դպրոցի ճամբուն վրայ կը հանդիպի բազմաթիւ տղաներու, որոնք կու լան։ Մանուկներու ընկերային ու յուզական զարգացումին կարեւոր տարրերէն մէկն է անոնց՝ իրենց զգացումներուն գիտակցիլը եւ ընկերային պատշաճութեամբ արտայայտելը։ Զգացումները ճնշելու ուղղութեամբ յաճախ թելադրանքներ կը կատարուին մանչերուն, սակայն հասարակութեան բոլոր խաւերն ալ զգացումներ արտայայտելու թերութեան հետեւանքով կը դժուարանան առողջ հաղորդակցութիւն ու յարաբերութիւն ստեղծելու։ Այս գիրքը դժուար արտայայտելի զգացումի մը՝ լալու օրինակով կ՚ընդգծէ զգացումները արտայայտելու անհրաժեշտութիւնը։ Զգացումները ճնշելը տեղի կու տայ այլ զգացումներու, հետեւաբար լալն ալ յաճախ կը փոխուի զայրոյթի, այս պատճառով մանուկները պէտք է գիտնան, որ լալն ալ սովորական է, ինչպէս միւս զգացումները։ Թէեւ ծնողներն են որ իրենց զաւակներուն կը փոխանցեն տղամարդոց չարտասուելուն վերաբերող միտքը, բայց ասիկա գաղափար մըն է, որ կը պարտադրուի հանրային սեռի յառաջ բերած ընկերային դերերուն կողմէ, այս պատճառով ալ մանչերն ու աղջիկները չեն կրնար խուսափիլ այս միտքէն իրենց աճման միջոցին։ «Մեծ տղաքը կու լան» ձեր մանուկներուն կը պատմէ, թէ այս միտքը որեւէ արժէք չունի եւ թէ կան տղաք, որոնք չեն խուսափիր իրենց զգացումները արտայայտելէ, ազատօրէն կու լան ու չեն ծածկեր իրենց փխրունութիւնը։ Գիրքը, որ ուղղուած է երեք եւ բարձր տարիք ունեցող մանուկներուն, իր ինքնատիպ գծանկարներով ալ անմիջապէս պիտի դառնայ ձեր ամենասիրելի պատկերագիրքերէն մէկը։

Ետեւի կողքը՝

Որքան ալ մեծ ըլլաս երբ լալ ուզես ինքզինքդ մի՛ զսպեր։

Հեղինակին մասին՝

Ճօնթի Հավլի

Անգլիացի գրող ու նկարազարդիչ է։ Շրջանաւարտ է Լոնտոնի Արուեստի համալսարանէն։ Այդ օրէն ի վեր կ՚աշխատի որպէս ծրագրող ու նկարազարդիչ։ Հավլի մանկութենէն սիրած է նկարել. զինք, բացի գեղեցիկ գիրքերէ ու անոնց մէջ պահուըտած աշխարհներէ, շատ քիչ բան կը խանդավառէ։ «Մեծ տղաքը կու լան» իր առաջին գիրքն է։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.