270,00 ₺
Etiket Fiyatı: 360,00 ₺
Լրագրող Արա Ակինեանի «Յաղթանակի ճամբան» վէպը առաջին անգամ հրատարակուած է 1963-ին: Վէպը կը բաղկանայ 41 գլուխէ, ուր նկարագրուած է Պէզճեան ամիրայի վերելքը, Սուլթան Մահմուտի հետ ունեցած մտերմութիւնը եւ իր գործունէութիւնը իբրեւ պետական եւ ազգային գործիչ: Այս նոր տպագրութիւնը ունի յաւելուածի բաժին մը, ուր տրուած են Պէզճեանի կեանքէն եւ Մահմուտ Բ.-ի շրջանէն, ինչպէս նաեւ Ակինեանի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ։
1908-ին ծնած է Սամսուն։ 1915-ի տարագրութեան շրջանին իր հայրն ու երկու քոյրերը կորսնցնելէ ետք, մօրը հետ հասած է Հալեպ, ուր երկու տարի մնալէ ետք վերադարձած են Պոլիս։ Կեդրոնական վարժարանէն ետք, 1932-ին աւարտած է Ռոպերթ քոլեճի առեւտուրի բաժինը։ Սկսած է աշխատիլ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։ Նոյն տարին յաջողած է մուտք գործել Ստանպուլի համալսարանի իրաւագիտութեան բաժինը, զոր աւարտած է 1937-ին։ Լրագրութիւնն ու առեւտուրը եղած են իր հիմնական զբաղումները։ «Ժամանակ»ի առընթեր աշխատած է նաեւ «Ճումհուրիյեթ»ի համար։ 1948-ին ամուսնացած է դաշնակահար Վիքթորիա Չըրարեանի հետ։ Քոլեճի տարիներէն սկսեալ իր կապը չէ խզած մարզանքի հետ։ 1946-ին Գրիգոր Միսաքեանի եւ Բարսեղ Կեւրեքեանի հետ հիմնադրած է «Շիշլի» մարզակումբը։ Մեռած է 1976-ին, Պոլիս։