Ողջոյն ամենքին Դէմքեր եւ դէպքեր

Արա Գօչունեան

202,50 

Etiket Fiyatı: 270,00 

%25
Սեռ՝Քրոնիկ
Լեզուն՝Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Դեկտեմբեր 2008

Էջն ու չափերը՝

272 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786055753030

Բացատրութիւն՝

Այս գիրքը ձօն մըն է «Ժամանակ»ի 100-ամեակին, իր իսկ ծոցէն հասած մամուլի սպասաւորի մը գրչի արտադրութեամբ: Հատորը կընդգրկէ Գօչունեանէ 100 քրոնիկ՝ ընտրուած թերթի հաւաքածոներէն (1986-1992): Գիրքը կը կրէ հեղինակին «Ժամանակ»ի սիւնակին անունը՝ «Ողջոյն ամենքին» եւ մեր ենթավերնագիրը՝ «Դէմքեր եւ դէպքեր»: Հեղինակին գրեթէ ամենօրեայ ողջոյնները կը բազմին հանգուցեալ կամ կենդանի այնպիսի անձերու վրայ, որոնք կը կազմեն պոլսահայ հասարակութիւն կոչուած բաղադրեալը: Յաւելուածի բաժինը ունի թերթի այժմու աւագ խմբագիր կրտսերն Արա Գօչունեանի «Նախօրօք յայտնի, սակայն անակնկալի մը խանդավառութեամբ» յօդուածը՝ գրուած 100-ամեակին առթիւ:

Հեղինակին մասին՝

Արա Գօչունեան

1913-ին ծնած է Կետիկփաշա, որպէս զաւակը 1908-ին հիմնադրուած «Ժամանակ» օրաթարթի հիմնադիրներէն Սարգիս Գօչունեանի։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէզճեան մայր վարժարանէն։ 1930-ին անցած է Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանը՝ ստանալու իր միջնակարգի ուսումը, սակայն իրենց հօր մահուան հետեւանքով օրաթերթի պատասխանատուութիւնը ստանձնած եղբօր՝ Մելիքի առողջական հարցերուն, միւս եղբօր՝ Մարտիրոսի Եւրոպա գտնուելուն համար կրթութիւնը կիսատ թողլով կը սկսի աշխատիլ թերթին մէջ։ «Ժամանակ»ին կը ծառայէ որպէս վարչական, գրաշար, խմբագիր, 1975-էն ետք ալ որպէս ընդհանուր տնօրէն։ Յօդուածներ կը ստորագրէ «Ողջոյն ամենքին» ընդհանուր խորագրին տակ։ Իր այս յօդուածներէն ընտրանի մը հրատարակուեցաւ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ, 2008-ին։

1936-ին վեց ամիս տեւողութեամբ «Ահալի», 1940-ականներուն Աւետիս Ալիքսանեանի հետ «Պատկեր», 1960-ականներուն ալ կնոջը՝ Լիլի Գօչին հետ «Արշաւ» թերթերը հրատարակեց։

Արա Գօչունեան առաջին անդամներէն մէկն էր Թուրքիոյ լրագրողներու ընկերակցութեան, ունէր Մամլոյ պատուոյ քարտ։ Զազանան առիթներով արժանացած է ընկերակցութեան գնահատագրերուն ու մրցանակներուն։ Մեռած է 3 դեկտ. 1996-ին, թաղուած՝ Պալըքլըի գերեզմանատունը։

Մամուլի արձագանգ՝

Պոլսահայ Մանրապատումներ, Ըստ Գօչունեանի

  Ակօս Գիրք   Սեւան Տէյիրմէնճեան   01.02.2009

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.