187,50 ₺
Etiket Fiyatı: 250,00 ₺
Յայտնի մանկավարժ Անահիտ Օշական–Ոսկերիչեանի այս գիրքը առաջինն է իր եռահատոր պատմուածքներու շարքին ու կը պարունակէ շատ հետաքրքրական տասներկու պատմուածք՝ քաղուած զանազան ժողովուրդներու աւանդական բանահիւսութենէն: Այստեղ կը տողանցեն ամերիկա–հնդկական, անգլիական, հռոմէական, հայկական, յունական եւլն. պատմուածքներ՝ բոլորն ալ նկարազարդարուած Սերգէյ Ռուբինեանի կողմէ:
Դուստրն է անուանի վիպագիր, քննադատ, մանկավարժ Յակոբ Օշականի։ Ծնած է 1919-ին Փլովտիւ, ուր ապաստանած էր հայրը իր տարագրութեան շրջանին։ 1924-ին ընտանեօք փոխադրուած են Գահիրէ, Եգիպտոս։ 1926-ին Կիպրոս, 1934-ին ալ Երուսաղէմ էր Անահիտ Օշական՝ Ս. Յակոբեանց վանքի եւ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ հօրը ստանձնած ուսուցչական պաշտօններու բերմամբ։ Իր կրթութիւնը ամբողջացուցած է Երուսաղէմի Ամերիկեան քոլեճին մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով մեկնած է Փարիզ։ 1943-ին իր կեանքը միացուցած է Տիրան Ոսկերիչեանի հետ, որ հետագային պիտի դառնար Միջին Արեւելքի նշանաւոր ճարտարապետներէն մէկը։ Ունեցան երկու զաւակ։ Օշական-Ոսկերիչեան որպէս մանկավարժ պաշտօնավարած է Երուսաղէմի մէջ։ Իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան շրջանին Ոսկերիչեան ամոլը հաստատուեցաւ Յորդանանի մայրաքաղաքը՝ Ամման, ուր տիկին Անահիտ վերստին սկսաւ աշխատիլ որպէս մանկավարժ։ Հանգստեան կոչուելէ յետոյ ալ չխզեց իր կապը կրթութեան ոլորտին հետ, մշակեց նոր ծրագիրներ։ «Արաս» Օշական-Ոսկերիչեանէ հրատարակած է մանկական երեք գիրք։ Ան իր մահկանացուն կնքած է 2005-ին, Ամմանի մէջ։