225,00 

Etiket Fiyatı: 300,00 

%25
Սեռ՝Ուղեգրութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Արտաշէս Մարկոսեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Սայաթ Այըք

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Մարտ 2005

Էջն ու չափերը՝

320 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9789757265726

Բացատրութիւն՝

Ու Ես Կ’երթամ հատորը կը բովանդակէ Շաւարշ Քահանայ Պալըմեանի ստորագրութեամբ 1964-1970ի միջեւ Մարմարա օրաթերթի մէջ համանուն խորագրին ներքեւ լոյս տեսած 57 գրութիւններ, որոնք մեծամասնութեամբ արդիւնքն են քահանայական պաշտօնով դէպի գաւառ՝ յատկապէս դէպի հարաւային եւ արեւելեան նահանգներ կատարած իր ճամբորդութիւններուն: Այս գրութիւնները կարեւոր են  որովհետեւ կը ներկայացնեն այսօր ալ աւելի նօսրացած ու նոյնիսկ ամայացած «հայ Անատոլու»ի քառասուն տարի առաջուան հարազատ մէկ նկարը ու կրնան օգտակար հանդիսանալ անոնց, որոնք կ’ուզեն կամ պիտի ուզեն բաներ մը իմանալ այդ շրջանի մասին, ինչպէս կ’արտայայտուի բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան, գրքի յաւելուածի բաժնին մէջ, իր «Յիշողութենէս հատուածներ հօրս կեանքի ոդիսականէն» գրութեան մէջ: «Ու Ես Կ’երթամ»ներու շարքին վերջաւորութեան զետեղուած է Շաւարշ Քահանայի հակիրճ ինքնակենսագրականը, իսկ յաւելուածի բաժնին մէջ, «Ու անոնք ալ գացին…» ները:

Հեղինակին մասին՝

Շաւարշ Քահանայ Պալըմեան

Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեան, ծնած Սեբաստիոյ հայաշատ Զառա գիւղին մէջ, 1960-ականներէն սկսեալ եղած է շրջուն հոգեւոր հովիւ գաւառի տարբեր քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ, ինչպէս՝ Ատանա, Մարտին, Տիյարպեքիր, Էլազըղ, այդ թուականներուն իսկ իրենց գոյութիւնը պահպանող հայ համայնքներուն համար։ Պալըմեան դէպի գաւառ կատարած իր այցելութիւնները վերածած է առիթի մը՝ պեղելու, ուսումնասիրելու, յայտնաբերելու հայ ժողովուրդի նիւթական ու հոգեւոր ժառանգութեան մնացորդացը, զորս վկայագրած է ալ մամլոյ էջերուն վրայ տպագրած յօդուածաշարքերով, տակաւին անտիպ ու անմշակ սեւագրութիւններով, ինչպէս նաեւ խօսուն լուսանկարներով։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.