450,00 ₺
19րդ դարու կէսերուն, օր մը Արշիպալտ Լեոփոլտ Րութմոր կը ձգէ իր գեղեցիկ գրադարանը եւ սիրելի տունը ու կը մեկնի իր երազին ետեւէն, որ է՝ գտնել Հսկաներու երկիրը։ Տարբեր արկածախնդրութիւններէ, երկար նաւարկութենէ եւ շրջան մը՝ առանձին քալելէ ետք, վերջապէս կը հասնի, կը գտնէ այդ հսկաները ու կը մտերմանայ անոնց հետ։ Կը վերադառնայ Անգլիա ու գիրք մը կը գրէ անոնց մասին։ Սակայն ի՞նչ արդիւնք պիտի ունենայ հսկաներու երկրի գաղտնիքին բացայայտումը։
Տարիք՝ 7-18
Պտոյտի մը ընթացքին գնեցի այն իրը, որ վերջնականօրէն փոփոխութեան պիտի մատնէր կեանքս. տարօրինակ փորագրութիւններով ծածկուած չափազանց մեծ ակռայ մը։ Զայն ինծի ծախողը բարձր գին կը պահանջէր, պատրուակելով, թէ հասարակ վիշապաձուկի քանդակուած ակռայ մը չէր ատիկա, այլ՝ «հսկայի ակռայ մը»…։