Փոթորիկ Պատմութիւն՝ տաքուկ բոյն մը գտնելու մասին

ԿուօԺինկ

217,50 

Etiket Fiyatı: 290,00 

%25
Սեռ՝Մանկական
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Էզկի Պերք

Նկարազարդում

ԿուօԺինկ

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Նոյեմբեր 2020

Էջն ու չափերը՝

40 էջ, 22×27 սմ

ISBN

9786050688122

Բացատրութիւն՝

Վերջապէս հայերէնով կը հրատարակուի աշխարհահռչակ, սիրուած արուեստագէտ ԿուաԺինկի կախարդական նկարներով լեցուն, անձայն այս գիրքը՝ «Փոթորիկ»ը, զոր հեղինակը ձօնած է իր կորսուած շան՝ Տու Տուին։ Գիրքը, որ կը պատմէ փողոցային շան մը ու իրեն հետ բարեկամութիւն հաստատել փորձող կնոջ մը փոխադարձ վստահութեան ու սիրոյ վրայ ստեղծուած յարաբերութիւնը, վստահաբար պիտի ջերմացնէ ձեր հոգին։ «Փոթորիկ»ը, որ ցոյց կու տայ ամենափոթորկալից պահերուն իսկ բարեկամութեան ունեցած ուժը, թերեւս անձայն է, սակայն զարմանքով պիտի նկատէք, թէ ինչպէս նկարներու արտայայտչականութեամբ շարժման կ՚անցընէ ձեր զգացումները եւ ցոյց կու տայ, թէ անոնք եւս բառերուն չափ ազդու են։ Իւրաքանչիւր ընթերցումի պահուն պիտի հանդիպիք էջերու մէջ պահուըտած տարբեր իմաստներու, պիտի ծանօթանաք մարդոց ու անասուններու յարաբերութեան վերաբերեալ բոլորովին տարբեր տեսանկիւնի մը՝ զիրար ու իրարու հետ կենակցիլ նախընտրած այս շան ու մարդու միջնորդութեամբ։ «Փոթորիկ»ը նախատեսուած է երեք ու աւելի տարիք ունեցող մանուկներու եւ բոլոր այն չափահասներուն համար, որոնք կրնան կապ հաստատել իրենց մէջ գտնուող մանուկին հետ։ Գիրքը լաւ սկիզբ մըն է անբառ (անձայն) գիրքերու անծանօթ անձերուն համար։

 

Տարիքային խումբ` 3+

Ետեւի կողքը՝

Համբերելու, բարեսրտութեան ու վստահելու մասին պատմութիւն մը, որ պիտի ջերմացնէ ձեր հոգիները։

Հեղինակին մասին՝

ԿուօԺինկ

Նկարազարդ գիրքերու հեղինակ, նկարիչ ու ձեւաւորող է։ Համակարգչային խաղերու, մանուկներու համար պատրաստուած հեռատեսիլային հաղորդումներու ու նման այլ նախագիծերու մասնակցած է որպէս արուեստագէտ։ Ծանօթ է իր անձայն գիրքով՝ The Only Child (Միայնակ տղան), որ արժանացած է միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու։ 2019-ին ԱՄՆ-ի մէջ հրատարակուած «Փոթորիկ»ը արուեստագէտի երկրորդ անձայն գիրքն է։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.