168,75 

Etiket Fiyatı: 225,00 

%25
Սեռ՝Պատմուածք
Լեզուն՝Հայերէն
Խմբագիր՝

Արտաշէս Մարկոսեան

Կողքի ձեւաւորում՝

Մեհմետ Սինան Նիյազիօղլու

Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Ապրիլ 2009
Բ տպագ., Ապրիլ 2018

Էջն ու չափերը՝

216 էջ, 13x19,5 սմ

ISBN

9786055753054

Բացատրութիւն՝

Թորոս Թորանեանի ծննդեան ութսունամեակին առթիւ ծրագրուած հատորը ընտրանի մըն է հեղինակին 1975-2002ին լոյս տեսած գործերէն: Մեծ մասամբ իրական կեանքէ առնուած 27 պատմուածքներ ամփոփուած են հինգ գլուխներու ներքեւ՝ Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Բարեւ հայրիկ, Բոլորն ալ մարդեր են, Կեանքի կեռմաններով եւ Մանրապատումներ: Յաւելուածի բաժնին մէջ տրուած է Թորանեանի ինքնակենսագրականը, ինչպէս նաեւ իր գրական, հրատարակչական, խմբագրական թարգմանական բեղուն գործունէութեան մատենագիտութիւնը: ԹԹԽՄՈՐը Թորանեանի ՝՝Արաս՛՛ էն լոյս տեսած երկրորդ գիրքն է, առաջինն է ՝՝Իսթանպուլահայերը կը կանչեն՛՛ հատորը: ԹԹԽՄՈՐը պատմուածքներու ընդմէջէն տողանց մըն է նաեւ հայ գրողներու եւ արուեստագէտներու, ինչպէս՝ Իհմալեան, Փէհլիվանեան, Սարոյեան, Պիպեռեան, Մարթայեան, Ահարոն, Վէրնէօյ… եւ այս հանգամանքով գրաւիչ է նաեւ կրթական մշակներու եւ աշակերտներու համար: Հրատարակչատունը գիրքին առընթեր հետեւեալ տողերով կը մատուցէ նաեւ հեղինակին.

Հիմա ետին թողած իր ութսունամեակը, երկար ու առողջ կեանք կը մաղթենք մեր սիրելի ՝՝վարպետ՛՛ ին, որու այնքան սրտաբուխ բաժնած ՝՝թթխմոր՛՛ ը անսպառ եղաւ միշտ, եւ որու շնորհիւ գրական անդաստանը լեցուեցաւ ոչ միայն իր՝ այլեւ զանազաններու թխած ՝՝հաց՛՛երու բուրմունքով:

Ետեւի կողքը՝

Ես, եօթը տարեկան մանչուկ, ընդունուեցայ Հալէպի Ուսումնասիրաց վարժարանի նախապատրաստական դասարան։ Տարի մը առաջ, այսինքն վեց տարեկանիս կը յաճախէի քէմփի Մեսրոպեան վարժարանը, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցիին մէջն էր։ Դասարանները իրարմէ բաժնուած էին վարագոյրներով։ Մենք դպրոցականներս փայտէ նալինով կ՛երթայինք դպրոց, զոր «խափարակ» կը կոչէինք։ Հազուագիւտ էին անոնք, որոնք կօշիկ ունէին։ Մեր հագուստները կարկտնուած էին ու հին։ «Հարուստ» բառին նշանակութիւնը կ՚անգիտանայինք, բայց ահա մեծ եռանդով կ՚երգէինք մեր սորված առաջին հայերէն երգը.

Արեւ ծագեց մութ ամպերէն,

Կաքաւ թռաւ սարի ծերէն,

Սիրունիկ, սիրունիկ,

Նախշուն կաքաւիկ…

Մեսրոպեան վարժարանի մէկ տարիս… Գրաճանաչ դառնալ չկրցայ։ Ամէն օր փափուստ կու տայի դպրոցէն ու փողոցներէն, ընկերներուս հետ գամ հաւաքելէ ետք, կ՚երթայինք եւ թրամուէյի երկաթ գիծին վրայ կը զետեղէինք, աւելի ճիշդը կը շարէինք այդ գամերը, որպէսզի հանրակառքի անցնելէն ետք, գամերը՝ ըստ մեզի, դառնային սուրեր ու մենք իրարու հետ սրամարտի մտնէինք…

Հեղինակին մասին՝

Թորոս Թորանեան

Թորանեան որպէս վերապրող հայ ընտանիքի զաւակ ծնած է 1928ին Հալէպ, ուր 1943-ին աւարտած է Կիւլպենկեան վարժարանը։ Երկու տարի տեղւոյն Ամերիկեան քոլեճը յաճախելէ ետք, ուսման ընթացքը աւարտեց Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան մէջ։ Վերադառնալով Հալեպ՝ կատարեց տարբեր աշխատանքներ։ Բանաստեղծութիւններու առաջին հատորը հրատարակուեցաւ Պէյրութի մէջ, 1960-ին։ Նոյն տարին գնաց Սոֆիա, ուր երեք եռամսեայ հետեւեցաւ քաղաքագիտութեան դասընթացքի։ Սուրիա վերադառնալէ ետք անցաւ Երեւան, ուր տարի մը հետեւեցաւ հայագիտութեան, ապա մուտք գործեց Երեւանի բժշկական ինստիտուտ, զոր աւարտեց 1970-ին։ Սուրիոյ մէջ որպէս բժիշկ քսան տարի պաշտօնավարելէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ եւ ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրեց գրականութեան։ Գրեց ո՛չ միայն բանաստեղծութիւն, այլեւ ուղեգրութիւն, պատմուածք եւ տարբեր ուսումնասիրութիւններ։

1996ին զինքը հիւրընկալած էինք Պոլսոյ մէջ, եւ այս այցելութենէն ծնած էր «Իսթանպուլահայերը կը կանչեն» հատորը, զոր տպած էինք 1997-ին։ Իսկ 2007-ին, իր 80-ամեակը շնորհաւորած էինք «Թթխմոր» վերնագրուած պատմուածքներու ընտրանիով մը։

Պատերազմի պատճառաւ դժոխքի վերածուած Հալեպէն իր բարեկամներուն պնդումներով, ստիպուած հեռացաւ ու հաստատուեցաւ Երեւան՝ ուր ապրեցաւ մինչեւ մահը:

3 Յունիս 2021ին ան հրաժեշտ առաւ այս աշխարհէն՝ մեզ թողլով իր բազմատասնեակ հրատարակութիւնները, մաքուր համբաւն ու կենսասէր անձին բարի յիշատակը։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.