Stokta Yok
Սեռ՝Բանաստեղծութիւն
Լեզուն՝Հայերէն
Տպագրութեան մասին՝

Ա տպագ., Փետրուար 2007

Էջն ու չափերը՝

88 էջ, 11x20 սմ

ISBN

9789757265887

Բացատրութիւն՝

Ստանպուլահայ բանաստեղծուհիի երկրորդ հատորն է «Հանելուկ»ը։ Այս նոր գիրքին մէջ ան ամփոփած է ընդհանրապէս 2000-2006-ի միջեւ գրուած շուրջ 60 բանաստեղծութիւն, որոնց մօտ զգալի է նորարարական շունչ եւ մանաւանդ ձեւի նոր որոնումներ՝ ի տարբերութիւն իր առջինեկին՝ «Անանուն երազ»ին: Ան կը շարունակէ պոլսաահայ գրական աւանդոյթները, որոնք ձեւաւորուած են անցեալ դարուն՝ յատկապէս Ճանճիկեանի, Զահրատի, Խրախունիի գծած ուղիով։

Հեղինակին մասին՝

Վերճիհան Զիֆլիօղլու

Ծնած է 1975- ին, Պոլիս։ Շրջանաւարտ է Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանէն եւ Անատոլու համալսարանի հանրային յարաբերութիւններու ճիւղէն։ Արձակ ու չափածոյ գործերը հրատարակուած են «Մարմարա», «Ժամանակ», «Ակօս», «Նոր սան», «Շիրակ» (Պէյրութ) եւ նման պարբերականներու էջերուն։ Քանի մը գործերը թարգմանուած են անգլերէնի, արաբերէնի ու վրացերէնի։ 1998-2006 թուականներուն աշխատած է «Հիւրրիէթ»ի մշակոյթի ու արուեստի բաժնին մէջ։ Կ՚աշխատի Turkish Daily News անգլիալեզու թերթին մէջ։

Sitemize giriş yaparak kişisel verileriniz, site kullanımınızı analiz etmek, sosyal medya özellikleri ve reklamları kişiselleştirmek amacıyla çerezler aracılığıyla işlenmektedir. Detaylı bilgi için Çerez Politikası Metni’ni okuyabilirsiniz. Anladım butonuna tıklayarak açık rıza beyanında bulunmuş olursunuz.