Անահիտ Սարգիսեան ծանօթ տիպար մըն է երեխաներուն հետ ձեռք ձեռքի ստեղծած իր գունաւոր աշխարհով, վերամշակած եւ յօրինած խաղ ու մաղով, հանելուկներով, տեսերիզներով եւ մանկապարտէզի ծրագիրներով. բոլորը «Բարեւ Արեւ» երդիքին տակ շաղուած՝ լեզուական, երաժշտական, ժողովրդական եւ մշակութային բնական տարրերով։
Ինքնակենսագրութիւն
երիտասարդ հիւանդապահուհին
ստիպուած էր ծանօթանալու հօրս
որ լուացքի օր մը նոյեմբերեան
իր լուացքը խանգարել համարձակէի
այսինքն՝ լոյս աշխարհ գայի
մայրս՝ նուիրեալ հիւանդապահուհի
Ալթունեան հիւանդանոցի
ետին ձգեց իր քաղաքը սիրելի՝ Հալէպը հնամենի
ապրելու հօրս հետ մայրիներուն երկիրը
կապոյտ ծովուն եզերքը
ու ես՝ կապոյտ ծովուն եզերքը
երջանիկ կը մեծնայի
հովը կը փչէր
զիս ծով կը տանէր
ու անհոգ կը լողայի
օր մըն ալ սակայն պատերազմը սկսաւ
բոլորը զինուեցան ու անվերջ կռուեցան
ո՞վ, որո՞ւ դէմ կռուեցաւ, չհասկցայ
շատ փորձեցի հասկնալ, սակայն չկրցայ
չնայած այն ժամանակ խելացի՛ աղջիկ էի
հայրս արուեստագէտ էր՝ չդիմացաւ
կէս ճամբան հազիւ հասաւ
յանկարծ մահացաւ
ինք գնաց
իսկ իր շապիկները մնացին ինծի
հօրս շապիկը կը հագնէի
մէջը կը լողայի
այսպէս կեանքս
ծովը կամ հօրս շապիկներուն մէջ
մի՛շտ լողալով կ՚անցընէի
որոշումներ առնող տուող
չեմ եղած
այլ յանձնուած
ծովին
հովին
հովը զիս գրկեց
առաւ տարաւ դէպի Հայրենիք
ապա Եգիպտոս եւ վերջապէս Ֆրանսա
իսկ ափերուս մէջ՝
պարզապէս ծայրը այն երկա՜ր թելին
ունեցածս թելով միշտ հիւսեցի
ու կը շարունակեմ հիւսել
փոքրին մեծին ընտանիքին
իսկ հովերը կը փչեն տակաւին՝
անվերջ