Ֆրանսացի գրող, բանաստեղծ եւ օդաչու Անթուան տէօ Սենթ-Էկզիւփերի (Antoine Marie Jean-Baptiste Roger de Saint-Exupéry) ազնուական ընտանիքի մը զաւակն էր։ Ծնած է Լիոն, 29 Յունիս 1900-ին, որպէս երրորդ զաւակը Վիքոնթ Ժան տէօ Սենթ-Էկզիւփերիի ու Մարի տէօ Ֆոնքոլոմպի։
Օդանաւերուն հետ ծանօթացաւ 12 տարեկանին։ Գաղտնի կերպով կ՚երթար իրենց տան մօտ գտնուող օդակայանը եւ կը դիտէր օդանաւերը։ Երբ 12 տարեկան էր, օդաչու մը զինքը առաւ իր քով եւ թռան միասին։ Լիսէն աւարտելէ ետք ընդունուեցաւ ծովային վարժարան։ 19 տարեկանին ընդունուեցաւ Գեղարուեստից վարժարանի ճարտարապետութեան բաժինը։ Սթրազպուրկի մէջ ստացաւ օդաչուի կրթութիւն։
1926-ը անկիւնադարձային էր իրեն համար։ Վերսկսած էր թռչիլ։ Թուլուզի եւ Տաքարի միջեւ թղթատարութեան պաշտօն կատարող օդանաւ մը կը վարէր։ Այդ շրջանին կ՚աւարտէ առաջին գիրքը՝ «Հարաւային թղթատարը» (“Courrier sud”, 1929), ուր կը պատմէր թռչելու վերաբերեալ իր առաջին փորձառութիւնները։ Կը դառնայ իր ծառայած ընկերութեան Արժանթինի շրջանային պատասխանատուն։ «Գիշերային թռիչք» (“Vol de Nuit”, 1931) վէպը կը պատմէ Արժանթինի իր կեանքը։ 35 տարեկանին օդանաւը աւրուեցաւ եւ ստիպուած վայրէջք կատարեց Թունուսի մէջ անապատ մը, ուր մոլորուեցաւ։ Քառօրեայ արկածախնդրութենէ մը վերջ յայտնաբերուեցաւ անապատի բնակիչ պետուինի մը կողմէ։ Սպանական քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն որպէս թղթակից պաշտօնավարեց ֆրանսական լրագրի մը համար։ Բ․ Աշխարհամարտի տարիներուն Գերմանիա նուաճեց Ֆրանսան։ Հակառակ իր առողջական խնդիրներուն՝ զինուորագրուեցաւ։ Ֆրանսան պարտուելէն ետք անցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր գրեց «Մարդկանց երկիրը» (“Terre des hommes”, 1939) եւ «Ռազմական օդաչու» (“Pilote de guerre”, 1942) գիրքերը։ «Փոքրիկ Իշխանը» (“Le Petit Prince”, 1943), որ իր գլուխ-գործոցն է, գրուեցաւ այս շրջանին։ Իր հայրենիքին՝ Ֆրանսայի վիճակը շատ կը մտահոգէր զինք։ Զինուորագրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու բանակին եւ որպէս հարիւրապետ մեկնեցաւ Հիւսիսային Ափրիկէ։ Պաշտօնն էր երկինքէն դիտել գերմանական զօրքերուն շարժումները։ 31 Յուլիս 1944-ին օդանաւը հրթիռակոծուեցաւ եւ ծովամոյն եղաւ Մարսիլիոյ բացերը։ Օդանաւուն բեկորները յայտնաբերուեցան 2000-ին, ձկնորսներուն կողմէ։