1889-ին ծնած է Բաղէշի Խուլթիկ գիւղը։ 1902-ին աւարտած է Բաղէշի Ամերիկեան վարժարանը։ 1905-09 թթ. ուսանած է Խարբերդի Ամերիկեան քոլեճը։ 1910-1912 թթ. յաճախած է Պոլսոյ համալսարանի իրաւաբանութեան բաժինը։ Համալսարանի վերջին տարուան ընթացքին պահեստի սպայից վարժարանէն ներս ստացած է զինուորական կրթութիւն, ապա մասնակցած է Պալքանեան պատերազմին եւ Առաջին աշխարհամարտին՝ բարձրանալով մինեւ հարիւրապետի աստիճանի։ Միջոց մը Ոստիկանական վարժարանի եւ կեդրոնական հրամանատարութեան մէջ վարեց փոխտնօրէնի պաշտօն։ 1918-ին վերադարձաւ Պոլիս։ Մինչեւ 1921 թ. հայերէն եւ անգլերէն դասաւանդեց Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի եւ Օրթագիւղի որբանոցներուն մէջ։ Որպէս ուսուցիչ եւ տնօրէն պաշտօնավարեց Պոլսոյ զանազան վարժարաններէն ներս։ Հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտներուն ուղղեալ դասագիրքերու շարք մը պատրաստեց։ Անուանի լրագրող եւ գրող Արամ Անտոնեանի «Գանձարան» դասագիրքը ճոխացնելով վերստին հրատարակեց։ 1932-49 թթ. ստանձնեց Ս. Փրկիչ ազգ. հիւանդանոցի տարեգիրքերուն խմբագրութիւնը։ Հայերէնի թարգմանած է Կիւզիտէ Սապրիի «Նետրէթ» վէպը։ «Արաս» 2006-ին հրատարակած է հեղինակին «Արձագանգ եւ անցորդը» հատորը, որ ի մի կը բերէ իր պատմուածքներու երկու գիրքերը։ 1970-ին մեռաւ Պոլսոյ մէջ։ Թաղուած է Շիշլիի ազգ. գերեզմանատան մէջ։