Երգիծաբան, խմբագիր եւ դերասան Երուանդ Թօլայեան (Կավռօշ) ծնած է 1883-ին, Պոլիս, Ֆերիտիէ թաղը, Էյրի փողոց, որպէս զաւակը անուանի խմբագիր, թարգմանիչ, դերասան, հրատարակիչ Յովհաննէս Թօլայեանի (1856-1936)։ Կրթութիւնը ստացած է Սագըզաղաճի Լուսաւորչեան եւ Ղալաթիոյ Սեն-Պընուա վարժարաններուն մէջ։ 20-րդ դարու սկիզբէն պոլսահայ մամուլին մէջ տպագրած է երգիծական երկեր։
1908-1926 թթ., որոշ ընդհատումներով Պոլսոյ, կարճ միջոց մը Գահիրէի եւ 1927-1936 թթ. Փարիզի մէջ հրատարակած է «Կավռօշ» երգիծական պարբերականը։ Խմբագրած է նաեւ այլ պարբերաթերթեր, թղթակցած՝ Պոլիս տպագրուող կարգ մը հրատարակութիւններու։
Գրական-խմբագրական աշխատանքի զուգահեռ Թօլայեան մասնակցութիւն բերած է նաեւ թատերական շարժումին։ Պոլսոյ մէջ մաս կազմած է Մարտիրոս Մնակեանի թատերախումբին։ Բեմ ելած է նաեւ Փարիզի մէջ, ուր գացած էր 1926-ին, Պոլիսէն հեռանալէ ետք։ Մասնակցած է ո՛չ միայն հայերէն, այլ նաեւ թրքերէն ներկայացումներու («Արուեստը լեզու չունի», կ՚ըսէր)։ 1915-ին տարագրուած է արեւմտահայ միւս մտաւորականներուն հետ։ Նկարահանուած է թրքական շարժարուեստի հիմնադիր Մուհսին Էրթուղրուլի «Լէպլէպիճի Հօր-հօր» (1923) եւ «Չարաճըճի աղջիկները» («Սէօզտէ քըզլար») (1924) ժապաւէններուն մէջ:
1936 թ. ներգաղթած է Խորհրդային Հայաստան, ուր ալ գրած է իր մեծարժէք յուշագրութիւնը։ 1937 թ. կամ աւելի ուշ կնքած է իր մահկանացուն՝ իբրեւ զոհ սթալինեան անհատի պաշտամունքի հետեւանքով ի գործ դրուած բռնութիւններու։
Հրատարակուած գիրքերն են՝ «Իտէալին ետեւէն (Երգիծավէպ Բերայի բարքերէն)» (Պոլիս, 1910), «Կավռօշ՝ զինուոր։ Զինուորական յիշատակներ։ Խըշլայի կեանքէն» (Պոլիս, 1910), «Կավռօշին զատիկը» (Պոլիս, 1919) եւլն.։