Լեռ Կամսար, բուն անունով Արամ Թովմաղեան, ծնած է 1888-ին, Վան, ուր իր կրթութիւնը ստացած է Ամերիկեան վարժարանին մէջ։ Վաղարշապատի Գէորգեան ճեմարանին մէջ ուսանելէ ետք վերադարձած է ծննդավայր։ Ուսուցչագործած է Վանի ու Աղթամարի մէջ, եղած է դերասան։ 1915-էն ետք անցած է Երեւան։ Գրողի իր կենսագրութիւնը, որ սկսած էր Վանի մէջ, կը շարունակուի նաեւ այստեղ, ուր իր երգիծական ակնարկները կը հրատարակուէին յառաջատար թերթերու մէջ։ 1935-1955 թուականները անցան սովետական բանտերուն մէջ։ 1955-ին վերադարձաւ Երեւան, ուր ալ կնքեց իր մահկանացուն 1965-ին։ Հակառակ բեղուն արձակագիր մը ըլլալուն, իր հեղինակութիւններուն մեծ մասը ոչնչացած է աքսորի ճամբաներուն վրայ կամ վարչակարգին կողմէ։ Սովետական տարիներուն գզրոցներու մէջ մնացած գրուածքները այսօր լոյս աշխարհ կու գան թոռնուհիին՝ Վանուհի Թովմասեանի ջանքերով։