Հաթիէ Կարիփ գունաւոր գրիչ մը, որ կը սիրէ գծագրել ու ձեւաւորել։ Նկարազարդումի, գծավէպի ու պատկերագիրքի ոլորտներու մէջ կատարած իր աշխատանքը ունի միջազգային հնչեղութիւն։ Բացի այս գործերէն, ունի նաեւ ատենախօսութիւն մը, ուր ան կ՚ուսումնասիրէ հաշմանդամութեան արտայայտութիւնները։ «Ես կը գծեմ իմ ճամբան» գրած ու գծագրած առաջին գիրքն է։